Բնութիւն Եւ Մարդ. Այսօրուան Մանուկները Աւելի Դանդաղ Կը Վազեն, Քան` Ժամանակին Իրենց Ծնողները

Պատրաստեց` Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Մանուկներուն խորհուրդ կը տրուի առնուազն մէկ ժամ աշխուժ շարժիլ ամէն օր:

Մանուկներուն խորհուրդ կը տրուի առնուազն մէկ ժամ աշխուժ շարժիլ ամէն օր:

ՄԱՐՄՆԻ ՖԻԶԻՔԱԿԱՆ ԼԱՒ ՎԻՃԱԿԻ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ Ի ՅԱՅՏ ԿԸ ԲԵՐԷ ՄՏԱՀՈԳԻՉ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՀՆՉԵՑՆԷ ԱՀԱԶԱՆԳԸ:

«Ամերիքըն հարթ էսոսիէյշըն»-ի տարեկան ժողովին ներկայացուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, մանուկներուն մարմնի ֆիզիքական լաւ վիճակի մակարդակը հաւանաբար սկսած է նահանջել:

Ուսումնասիրողներ վերլուծած են 46 տարիներու ընթացքին 28 երկիրներու մէջ հաւաքուած տեղեկութիւններ` աւելի քան 25 միլիոն մանուկներու վերաբերեալ:

Անոնք կ՛ըսեն, թէ մանուկներ այսօր 90 երկվայրկեան աւելի դանդաղ կը վազեն, քան` իրենց ծնողները 30 տարի առաջ, երբ մանուկ էին:

Սիրտի դիմադրականութիւնը, որ կը քննուի տուեալ ժամանակի մը մէջ մանուկներուն վազելու կարողութիւնը չափելով, տեւաբար 5 առ հարիւր համեմատութեամբ նահանջ արձանագրած է իւրաքանչիւր տասնամեակի, ինչպէս ցոյց կու տան աշխարհի տարածքին կատարուած ուսումնասիրութեան արդիւնքները:

Նահանջը նկատելի է 9-17 տարեկան մանչերու եւ աղջիկներու քով եւ կ՛առնչուի սոնքութեան հետ: Կարգ մը երկիրներու մէջ համեմատութիւնները աւելի մտահոգիչ են:

Հարաւային Աւստրալիոյ համալսարանին Առողջապահական գիտութիւններու դպրոցէն Կրանթ Թոմքինսըն, որ գլխաւորած է ուսումնասիրութիւնը, կ՛ըսէ. «Իրօք, վազելու ընթացքին սիրտի դիմադրականութեան նահանջի պարագաներուն 30 առ հարիւրէն 60 առ հարիւրին պատճառը մարմնին մէջ կուտակուած ճարպն է»:

Երեւոյթը աւելի տիրական է արեւմտեան երկիրներու մէջ, սակայն Ասիոյ տարածքին կարգ մը երկիրներ, ինչպէս Հարաւային Քորէա, Չինաստան եւ Հոնկ Քոնկ եւս անմասն չեն:

Թոմքինսըն կը շեշտէ, թէ մանուկներուն պէտք է ներշնչել եւ մղել աւելի աշխուժ ֆիզիքական շարժումի, այլապէս հանրային առողջապահութեան ծանր հարցեր պիտի ստեղծուին ապագային:

«Եթէ մանուկ մը ընդհանուր առումով ֆիզիքական լաւ վիճակի մէջ չէ, ապա աւելի հաւանական է, որ հետագային տառապի սրտանօթային հիւանդութիւններէ», կ՛ըսէ Թոմքինսըն:

Առողջ մնալու համար մանուկներ եւ պատանիներ պէտք է օրական առնուազն մէկ ժամ ֆիզիքապէս աշխուժ վիճակի մէջ ըլլան. օրինակ` ամէն օր քալեն կամ հեծանիւ քշեն դէպի դպրոց եւ վազվզեն բակին մէջ: Կարելի է այս ժամանակը բաժնել` փոխանակ մէկ ժամ անընդհատ շարժման մէջ դնելու մարմինը:

«Ամերիքըն հարթ էսոսիէյշըն»-ի  ներկայացուցիչ Մայքըլ Կվից կ՛ըսէ. «Մարզանքին տեսակը իրապէ՛ս կարեւոր է»:

Ան կը բացատրէ, թէ անիկա պէտք է «քրտնեցնէ մարմինը», «անընդհատ եւ աշխուժ կերպով շարունակուի»` սրտանօթային առողջութիւնը խթանելու համար:

Պարզապէս մարզարան մը երթալը կամ մարզական խումբի մը մաս կազմելը բաւարար կրնայ չըլլալ, բացի եթէ մանուկին մարմինը տեւաբար աշխուժ շարժումի մէջ է:

«Պրիթիշ հարթ ֆաունտէյշըն»-ի ներկայացուցիչ Քրիսթաֆըր Ալըն կ՛ըսէ. «Հաստատուած իրողութիւն է, թէ մանկութեան ֆիզիքապէս աշխուժ չըլլալը կրնայ առողջական լուրջ անդրադարձներ ունենալ հետագային»:

«Աշխուժութիւնը կը նուազեցնէ սրտանօթային հիւանդութիւններու հաւանականութիւնը, եւ մանուկներ որքան կանուխէն սկսին ֆիզիքապէս աշխուժ կեանք մը ապրիլ, այնքա՛ն լաւ»:

«Մանուկները շարժումի մղելով` կը պաշտպանենք անոնց սիրտը` ապագայի հաշուոյն: Ծնողներ, դպրոցներ եւ միութիւններ կրնան օգնել մանուկներուն եւ զանոնք մղել օրական 60 վայրկեան մարզանք ընելու»:

 

Share this Article
CATEGORIES