Բնութիւն Եւ Մարդ. Գիտնականներ Կը Վերծանեն Շուներուն Պոչին Շարժումները

Պատրաստեց` Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985dog2ՇԱՆ ՄԸ ՊՈՉԸ ՀԱՅԵԼԻՆ Է ԱՆՈՐ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ, Կ՛ԸՍԵՆ ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԷ.

Նախապէս գիտնականներ ի յայտ բերած էին, թէ ուրախ շուներ իրենց պոչը կը շարժեն դէպի աջ (շան դիտանկիւնէն), իսկ ջղագրգիռ շուներ աւելի հակամէտ են իրենց պոչը շարժելու դէպի ձախ:

Սակայն այժմ գիտնականներ կ՛ըսեն, թէ շուներու ընտանիքին պատկանող անասուններ կրնան նկատել պոչի նուրբ շարժումներու տարբերութիւնը եւ հակազդել` համապատասխան ձեւով:

Այս մասին ուսումնասիրութիւն մը լոյս տեսած է «Քարընթ Պայոլոճի» թերթին մէջ:

Թերնթոյի համալսարանին մէջ (Իտալիա) ջղագիտութեան դասախօս Ճիորճիօ Վալլորթիկարա կ՛ըսէ. «Ծանօթ իրողութիւն է, որ մարդոց քով ուղեղին ձախ եւ աջ կողմերը տարբեր ձեւով կը հակազդեն դրական կամ ժխտական զգացումներ արթնցնող խթաններու»:

«Այժմ նոյն երեւոյթը կը նկատենք այլ անասնատեսակներու քով», կ՛ըսէ ջղաբանը:

Ինչպէս մարդոց ուղեղը, նոյնպէս ալ շուներուն ուղեղը կը գործէ այնպէս, որ անոր աջ կողմը պատասխանատու է մարմնի ձախ անդամներու շարժումներուն եւ` հակառակը: Նոյնպէս` ուղեղին երկու կիսագունդերը տարբեր դերեր կը խաղան զգացումներու մէջ:

Գիտնալու համար, թէ շուները ինչպէ՛ս կը հակազդեն այլ շուներու պոչի շարժումներուն, ուսումնասիրողները հետեւած են անասուններուն, երբ անոնք դիտած են այլ շուներ պատկերող ժապաւէններ:

Անոնք չափած են շուներուն սիրտի զարկերուն արագութիւնը եւ քննած են անոնց վարմունքը:

Վալլորթիկարա կ՛ըսէ. «Շուներուն ցոյց տուինք այլ շուներ պատկերող ժապաւէններ, շուներու բնապաշտ պատկերումներ եւ դիմաստուերներ, որպէսզի շփոթ չստեղծուի, ապա սկսանք պատկերուած շուներուն պոչը ուղղել դէպի ձախ կամ աջ»:

Երբ շուները կը տեսնէին, թէ այլապէս ոչ մէկ արտայայտութիւն դրսեւորող շուներ իրենց պոչը կը շարժէին դէպի աջ (պոչը շարժող շան դիտանկիւնէն), անոնք կատարելապէս հանգիստ կեցուածք կը ցուցաբերէին:

Սակայն, երբ անոնք կը տեսնէին, որ շունը զգալիօրէն իր պոչը կը շարժէր դէպի ձախ (դարձեալ պոչը շարժող շան դիտանկիւնէն), ապա անոնց սիրտին զարկերը կ՛արագանային եւ անոնք անձկալից վիճակ մը կ՛ապրէին:

Վալլորթիկարայի համաձայն, շուները դիտումնաւոր ձեւով չէ, որ նման շարժումներով կը հաղորդակցին իրարու հետ:

Փոխարէնը` ան կը հաւատայ, թէ շուները իրենց փորձառութեամբ սորված են, թէ ո՛ր շարժումներուն պէտք է հակազդեն եւ ո՛ր շարժումները պէտք է անտեսեն:

«Երբ շուները յաճախ կը հանդիպին այնպիսի շուներու, որոնք իրենց պոչը կը շարժեն դէպի ձախ` ցուցաբերելով աւելի բարեկամական վերաբերմունք, իսկ դէպի ձախ շարժելով կ՛արտայայտեն նուազ բարեկամական վերաբերմունք, ապա կը սկսին հակազդել իրենց այս փորձառութեան հիմամբ», կ՛ըսէ ան:

Ուսումնասիրողները կ՛ըսեն, թէ այս յայտնաբերումները պիտի օգնեն շուն պահողներուն, անասնաբուժներուն եւ շուն մարզողներուն` աւելի լաւ հասկնալու համար իրենց անասուններուն զգացումները:

Շուներու վարուելակերպի մասնագէտ Ճոն Պրատշօ, որ անասնաբուժութեան դասախօս է Պրիսթոլի համալսարանին մէջ, կ՛ըսէ, թէ ասիկա առաջին ուսումնասիրութիւնը չէ, որ ի յայտ կը բերէ շուներու քով աջ եւ ձախ շարժումներու կարեւորութիւնը:

Անցեալ տարի Լինքընի համալսարանէն ուսումնասիրողներու խումբ մը ի յայտ կը բերէր, թէ շուները իրենց գլուխը կը դարձնեն դէպի ձախ, երբ կը դիտեն նախայարձակ այլ շուն մը, եւ` դէպի աջ, երբ կը տեսնեն ուրախ շուն մը:

Իսկ Վիքթորիայի համալսարանին մէջ (Քանատա) կատարուած այլ ուսումնասիրութեան մը եզրակացութիւնը կ՛ըսէր. «Շուները աւելի հաւանական է, որ մօտենան մարդամեքենայ-շան մը, երբ անոր «պոչը» կը շարժի դէպի ձախ, քան թէ` աջ, եւ անձկալից վիճակի չեն մատնուիր, մինչդեռ, ինչպէս Իտալիոյ մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, անոնք հակառակ հակազդեցութիւնը կը ցուցաբերեն»:

Պրատշոյի համաձայն, պատճառը հաւանաբար այն է, թէ այս տարբեր ուսումնասիրութիւններուն մէջ օգտագործուած շուները ժապաւէններուն մէջ պատկերուած կամ մարդամեքենայ-շուներուն չեն հակազդեր ամբողջական ձեւով, եւ թէ` պէտք է ուսումնասիրել անոնց հակազդեցութիւնը` իրական շուներու շարժումներուն:

«Այսուհանդերձ, նկատի ունենալով, թէ որքա՛ն դիւրին է արձանագրել շուներուն վարուելակերպը, հաւանաբար մօտիկ ապագային պիտի կարենանք գիտնալ, թէ ինչո՛ւ անոնց պոչը երբեմն կը շարժի դէպի աջ կամ ձախ», կ՛եզրափակէ ան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )