Բնութիւն Եւ Մարդ. Կատուները Կը Ճանչնան Իրենց Տէրերուն Ձայնը Եւ Չեն Հակազդեր

Պատրաստե»` Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985catsԿԸ ԹՈՒԻ, ԹԷ ԿԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ «ԱՊԵՐԱԽՏՈՒԹԻՒՆԸ» ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԿՈՂՄՆԱԿԱԼ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸՆ Է: ՊԱՏՃԱՌԸ ՊԷՏՔ Է ՓՆՏՌԵԼ ԿԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ ԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ: ՃԱՓՈՆՑԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՂՆԵՐ ՔՆՆԱԾ ԵՆ ԿԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐԵՆՑ ՏԷՐԵՐՈՒՆ ԵՒ ԵԶՐԱԿԱՑՈՒՑԱԾ ԵՆ, ԹԷ ԱՆՈՆՔ ՀԱԶԱՐԱՄԵԱԿՆԵՐ ԱՌԱՋ ԻՐԵՆՔ ԶԻՐԵՆՔ ԸՆՏԵԼԱՑՆԵԼՈՎ` ԿԱՐԻՔԸ ՉԵՆ ԶԳԱՑԱԾ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԴԱՐՁՆԵԼՈՒ ԻՐԵՆՑ ՏԷՐԵՐՈՒՆ ՁԱՅՆԻՆ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ.

Ան, որ կատու կը պահէ, գիտէ, որ թէեւ կարելի է զայն պահել իբրեւ ընտանի անասուն, սակայն կատուն ոչ մէկուն կը կապուի:

Ճափոնի համալսարանին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը կը հաստատէ այս` ցոյց տալով, որ թէեւ ընտանի կատուները վայրի կատուներէն աւելի կարողութիւն ունին ճանչնալու իրենց տիրոջ ձայնը, սակայն կը նախընտրեն անտեսել զայն: Պատճառը հաւանաբար կը գտնուի կատուազգիներու եղափոխութեան պատմութեան մէջ:

Ացուքօ Սայթօ եւ Քազութաքա Շինոզուքա ուսումնասիրած են 20 կատուներ` անոնց ապրած բնակարանին մէջ: Տէրերուն հեռանալէն ետք անոնք կատուները կանչած են 3 անծանօթներու ձայնով, ապա` անոնց տէրերուն ձայնագրուած ձայնով եւ դարձեալ` օտարի մը ձայնով:

Ուսումնասիրողները վերլուծած են կատուներուն հակազդեցութիւնը իւրաքանչիւր կանչի` հետեւելով անոնց ականջի, պոչի եւ գլխու շարժումներուն, արտաբերած ձայներուն, բիբերու ընդլայնումին եւ թաթերու տեղափոխումին:

Երբ կատուները լսած են իրենց անունը, ցոյց տուած են «ուղղութիւն որոշելու վարմունք»: Այսինքն անոնք իրենց գլուխը եւ ականջները շարժած են դէպի ձայնին հնչած կողմը: Թէեւ անոնք աւելի զգալի հակազդեցութիւն ցուցաբերած են իրենց տէրերուն կանչին, քան` օտարներու ձայնին, սակայն մերժած են շարժիլ իրենց տեղէն:

«Այս արդիւնքները ցոյց կու տան, թէ կատուները աշխուժօրէն չեն հակազդեր` հաղորդակցելու համար իրենց տէրերուն հետ, որոնք կը կանչեն զիրենք հեռուէն, առանց տեսանելի ըլլալու, թէեւ անոնք կրնան զանազանել իրենց տէրերուն ձայնը,- կը գրեն  Սայթօ եւ Շինոզուքա:- Կատուի եւ տիրոջ միջեւ այս յարաբերութիւնը կը տարբերի շան եւ տիրոջ միջեւ յարաբերութենէն»:

Ուսումնասիրութիւնը, որ հրատարակուած է «Էնիմըլ Քոկնիշըն» թերթին մէջ, մտածել կու տայ, թէ հակազդեցութիւն ցոյց չտալու կատուներուն այս վարմունքը կու գայ անոնց ընտանելացումի կանուխ ժամանակներէն:

Վերջերս կատարուած ծինական քննութիւններէ ի յայտ եկած է, թէ այսօրուան ընտանի կատուներուն հասարակաց նախահայրը վայրի կատու մըն էր, որ շուրջ 9 հազար տարի առաջ կապ ունեցած է մարդոց հետ: Երբ մարդկային կանուխ հաւաքականութիւնները սկսած են զարգացնել երկրագործութիւնը, այս կատուները սկսած են թափանցել անոնց բնակած տարածքները` որսալու համար դէպի ցորենի շտեմարաններ ներգրաւուած կրծողները: Ուսումնասիրութեան հեղինակներուն բառերով` անոնք իրողապէս «իրենք զիրենք ընտելացուցած են»:

«Պատմականօրէն, ի տարբերութիւն շուներուն, կատուները չեն ընտելացուած` մարդոց հրահանգներուն հնազանդելու համար: Այլ կը թուի, թէ անոնք իրե՛նք նախաձեռնած են կատու- մարդ յարաբերութեան», կը գրեն ուսումնասիրողները: Ասիկա կը հակասէ մարդոց եւ շուներու պատմութեան. շուները հազարաւոր տարիներէ ի վեր կը մարզուին, որպէսզի հակազդեն հրահանգներու: Յայտնապէս կատուները երբեք կարիքը չեն զգացած յարմարելու:

Այսուհանդերձ, այս լուրը շատ հաւանաբար այնքան ալ մեծ յուսախաբութիւն պիտի չպատճառէ կատու պահողներուն, ոչ ալ զարմանք պիտի պատճառէ անոնց: Ուսումնասիրութիւնը կը նշէ, որ թէեւ «շուները իրենց տէրերուն կողմէ կը նկատուին աւելի ջերմ, բաղդատած` կատուներուն, սակայն շուն պահողներ եւ կատու պահողներ գրեթէ նոյն չափով կապուած են անոնց», ինչպէս կը գրեն հեղինակները:

Ուսումնասիրութիւնը կ՛եզրափակուի հետեւեալ դիտարկումով. «Տակաւին յստակ չէ, թէ կատուներուն վարուելակերպի ո՛ր յատկանիշը գրաւիչ կը դարձնէ զանոնք եւ պատճառ կը դառնայ, որ մարդիկ կապուին անոնց»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )