Հայկական Ձեռարուեստի Եւ Զայն Նոր Սերունդներուն Փոխանցելու Կարեւորութիւնը
Հայկական ասեղնագործութեան եւ ձեռարուեստի պահպանումը հանդիսացած է ԼՕԽ-ի հիմնական առաքելութիւններէն մէկը, փոքր նախաձեռնութեամբ սկսած աշխատանքը այսօր բաւական ընդարձակուած եւ զարգացած է: Բայց այսօր արդեօք նոր սերունդը տակաւին հետաքրքրուա՞ծ է այս արուեստով, արդեօք այս արժէքներն ու անոր պահպանման հմտութիւնները նոր սերունդին փոխանցելու իմաստով անհրաժեշտ աշխատանք կը տարուի՞, իսկ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին հայկական ձեռագործը պէտք չէ՞ միջազգային շուկային ծանօթացնել, ի՞նչ ձեւերով: Այս հարցումներուն պատասխանները ստանալու միտումով դիմեցինք կարգ մը ԼՕԽ-ականներու` անոնց կարծիքն ու տեսակէտը ունենալու համար:
1976-ին, երբ ԼՕԽ-ը ձեռնարկեց հայկական ձեռագործերու ուսուցման եւ զարգացման, հայկական ասեղնագործութիւնը կորուստի ճամբուն վրայ էր արդէն: Երբ միութիւնը գործի անցաւ, լիբանանեան պատերազմական կացութիւնը խոչընդոտներ ստեղծեց, բայց ԼՕԽ-ը համարձակեցաւ շարունակել այս իմաստով իր երթը եւ մէջտեղ բերել հայկական ասեղնագործութիւնը:
Այսօր նոր սերունդը քաջալերելու նախաձեռնութիւնը կայ, բայց երիտասարդները կ՛աշխատին եւ չեն կրնար ժամանակ տրամադրել, սորվիլ ու աշխատիլ: Բայց եթէ մէկը փոքր տարիքին իր ծնողներէն ստանայ այդ արուեստը կամ դպրոցներուն մէջ ձեռարուեստի յատուկ պահեր հաստատուին, այս աւանդը փոխանցելու հարցը կը լուծուի:
Միջազգային շուկային բացուիլը 100-ամեակին պէտք չէ կապել, ատիկա մեր մնայուն մտահոգութիւնը պէտք է ըլլայ: Այդ պատճառով ալ պէտք է մեր ցուցահանդէսներուն թիւը աւելցնենք, զանազան երկիրներու մէջ կազմակերպենք` միշտ յատուկ բացատրողականներ կցելով գործերուն: Հոն նաեւ առիթ պէտք է գտնել անդրադառնալու Հայոց ցեղասպանութեան, մեր մշակութային կորուստներուն, նաեւ` մեր ասեղնագործութեան ու անոր արժէքին:
ՍԵԴԱ ԹՈՐԻԿԵԱՆ
Որպէս Աշխատանոցի եւ ձեռարուեստի կեդրոնի հիմնադիր անդամներէն մէկը` հիացումով եւ գոհունակութեամբ կը դիտեմ տարուած գործունէութիւնը եւ կ՛անդրադառնամ ձեռնարկին առողջ յառաջխաղացքին: Որքա՜ն մեծ թիւով անդամներ եկան ու անցան յանձնախումբին մէջ` դրոշմելով իրենց հմայքն ու ունենալով իրենց ներդրումը: Սրտի մօտիկ եւ ազգային մշակոյթի պահպանման յանձնառու այս գործունէութիւնը միայն եւ մեծապէս քաջալերելի է: Յաջողութիւն յանձնախումբի անդամներուն` իրենց կամաւոր, բայց արհեստավարժ գործունէութեան համար:
Տ. Թ.
Ա
յնքան ատեն որ հայ կինը կ՛ապրի, բնաւ պէտք չէ նահանջէ հայկական ասեղներու ուսուցման եւ հայ մշակոյթի տարածման աշխատանքը:
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Ձեռարուեստի յանձնախումբի կամաւորները կը շարունակեն աշխատանքը` ցուցահանդէսներու ընդմէջէն հայկական ձեռագործները ծանօթացնելու եւ տարածելու հանրութեան, հայկական ասեղներու ուսուցման դասընթացներ կատարելով` անվճար կամ շատ խորհրդանշական գումարով, փոխանցելու համար մեր նախորդներուն ժառանգ ձգած հարուստ մշակոյթը նոր սերունդին: Անոնք նաեւ գտած են ձեւը յաղթահարելու սպառնացող վտանգը, փրկելու համար հայկական ասեղները: Պահելով մեր աւանդական ասեղները, որոնք կ՛աշխատցուին նուրբ մետաքսէ կտորներու վրայ, ներկայիս նուրբ կտորներուն փոխարէն կ՛օգտագործենք կոշտ ու գունաւոր կտորներ` գրաւելով նոր սերունդին հետաքրքրութիւնը, ինչ որ շատ քաջալերական է:
Ցեղասպանութեան 100-ամեակին սեմին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը` Ձեռարուեստի յանձնախումբին հետ գործակցաբար պիտի կազմակերպէ ցուցահանդէսներ Լիբանանի տարբեր շրջաններու մէջ օտար հանրութեան, օրինակ օտար դեսպանատուներու մէջ ծանօթացնելու համար մեր մշակոյթը, թանկագին ձեռագործները:
ՍԵԴԱ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
Ճիշդ է, որ հայկական ասեղնագործութեան արժէքը գիտցող եւ գնահատող երիտասարդուհիներուն թիւը պակսած է, սակայն ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի կեդրոնի յանձնախումբը այս մտահոգութիւնը ունենալով, ամէն գնով կը ջանայ հայկական աւանդական ասեղներու ձեռագործներուն դասական նաշխերը եւ գործածուած կերպասները ու դերձաններուն գոյները փոխելով արդիականացնել զանոնք, որպէսզի բոլոր ճաշակներուն եւ պիւտճէներուն յարմար ըլլան:
Նոյնպէս կ՛աշխատի կազմակերպել իր տարեկան ցուցահանդէսները եւ այլ միօրեայ ցուցադրութիւններ, որոնք մեծ գնահատանքի կ՛արժանանան այցելուներուն կողմէ: Նկատած ենք, որ տարուէ տարի այցելող երիտասարդներուն թիւը հետզհետէ կ՛աւելնայ:
Ինչ կը վերաբերի լիբանանեան եւ օտար հանրութեան, ձեռարուեստի կեդրոնը ներկայութիւն է անոնց կազմակերպած պազարներուն եւ ցուցադրութիւններուն, որոնց ճամբով կ՛ուզէ ծանօթացնել հայկական արուեստը եւ մշակոյթը, որոնք միշտ հիացմունքի առարկայ են եւ բարձր գնահատանքի արժանի:
Հետեւաբար այս տեսակի մասնակցութիւններ խթան են յանձնախումբին, որպէսզի Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախատարիներով աւելի մեծ թափով աշխատի, ծանօթացնելու համար հայկական մշակոյթը, նոյնիսկ առիթներ ստեղծել երկրէն դուրս ձեռնարկներ կազմակերպելու:
ՍՕՍԻ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Թէեւ երիտասարդները այսօր մեծապէս քաջալերուած չեն այս արուեստին հետեւելով, սակայն ասիկա պէտք չէ ընդհանրացնել: Հասկնալի է, որ կեանքի պայմանները դժուար են, ինչ որ երիտասարդները հեռու կը պահեն ձեռարուեստէն: Այս իմաստով կարելի է ձեռագործի նկատմամբ սէրը փոքր տարիքէն փոխանցել նոր սերունդին, յաճախ անոնց բացատրել հայկական արժէքներու կարեւորութեան մասին: Կարեւոր է նաեւ, որ մեր արուեստը օտարներուն ծանօթացնելու նոր ձեւերու մասին մտածենք, որպէսզի անիկա հասանելի եւ ընկալելի դառնայ:
ՍԻՐՈՒՆ ՍԷՖԷՐԵԱՆ
Դժբախտաբար այսօր երիտասարդներուն մեծ մասը առաւելաբար հետաքրքրուած է արհեստագիտական նորութիւններով եւ չի գնահատեր ձեռագործերը: Մեքենաներով գործուած հնդկական, չինական ծածկոցները ողողած են ամէն տեղ, իսկ հմուտ կամաւորները կ՛աշխատին աւելի քիչ թիւով ձեռագործ գնահատողներու համար:
Պէտք է ջանալ, որ ամէն տարի տան մէջ հայկական ձեռագործի տեսակ մը գտնուի, որպէսզի ընտանիքի անդամներուն համար վարժութիւն դառնայ զանոնք տեսնելը. պէտք է նոր սերունդին վարժեցնել մօր կամ մեծ մօր ձեռագործ աշխատանքը գնահատել: Կարեւոր է նաեւ, որ դպրոցներուն մէջ յատուկ դասապահեր ճշդուին, մրցումներ կազմակերպուին, յաղթողներուն արժէքաւոր նուէրներ յանձնուին:
Օտար դեսպանատուներու միջոցով կարելի է բացուիլ միջազգային հանրութեան` տուեալ երկիրներու մէջ մնայուն ցուցահանդէսներ կազմակերպելով:
ԱԼԻՍ ՈՍԿԵՐԻՉԵԱՆ
Հայկական ձեռագործերու ձրի ուսուցումը եւ սորվիլ փափաքողներուն թիւը մեզ քաջալերեց կրկին կազմակերպելու նոր դասընթացքներ, ուրեմն խանդավառութիւնը չէ պակսած չափահաս եւ երիտասարդ կիներու մօտ, որոնցմէ մէկ քանին սկսան աշխատիլ ձեռարուեստի արհեստանոցին համար: Իսկ հմուտ կամաւորներուն մօտ խանդավառութիւնն ու հետաքրքրութիւնը չէ պակսած, արդէն անոնց նկարագիրին մաս կը կազմէ ասիկա, որովհետեւ անոնք մանկուց սկսած են ձեռագործել իրենց մօր կամ մեծ մօր թելադրանքով եւ քաջալերանքով:
Հետեւաբար մանկուց պէտք է սկսիլ, քանի որ տունէն կարելի չէ, պէտք է սկսիլ դպրոցէն. իւրաքանչիւր դասարան պէտք է «ասեղ» մը սորվի շաբաթական մէկ պահով: Ինչպէս երգը, գծագրութիւնը, մարզանքը, ձեռագործն ալ մեր մշակոյթին մաս կը կազմէ, պէտք է ներառել նաեւ «ասեղներու» ուսուցումը:
Այսօր պայմանները փոխուած են, հեռատեսիլն ու համակարգիչը գրաւած են երեխաներու եւ ծնողներու ժամանակն ու ուշադրութիւնը: Սակայն դասախօսութիւններով պէտք է պատրաստել ծնողները, որ արգելք չհանդիսանան, «պարապ բան» չըսեն եւ քաջալերեն իրենց զաւակները, որ ձեռագործ սորվին, որովհետեւ ձեռագործը նաեւ նկարագիր կը կերտէ: Մամաս կ՛ըսէր. «Տիտիկ ընել, համբերել, դիմանալ, սկսած գործը մինչեւ վերջին կէտը ամբողջացնել կը սորվեցնէ», այսինքն նկարագիր կը կոփէ: Ձեռագործը դաստիարակիչ է:
Քարոզչական աշխատանքով, յայտարարութիւններով, հեռատեսիլով շուկայ պէտք է ստեղծել:
Դասախօսութիւններով շեշտել անոնց ազգագրական արժէքը, պարզապէս պէտք է դաստիարակել ժողովուրդը: Եւրոպական շուկային ծանօթացնել, օտար լեզուով յայտարարութիւններով, մամուլով:
ԶԱՐՈՒԿ ՊՈՇՆԱԳԵԱՆ
Հայկական ձեռագործի ասեղներու դասընթացքը կը շարունակուի ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի կեդրոնին մէջ, տարեկան դրութեամբ: Միշտ հետեւողներ կան, այս տարի երիտասարդուհիներ ալ կային. շատեր կը փափաքին, սակայն դժուար գտնելով` կը դադրին աշխատանքէն: Ընդհանուր առումով, կարէն եւ ասեղնագործութենէն հեռու է նոր սերունդը եւ զիրար ալ չեն քաջալերեր:
Աւանդական ասեղնագործութիւնը սիրելի դարձնելու միտումով Ձեռարուեստի կեդրոնը սկսած է նոր ձեւերով կտորի, գոյնի փոփոխութեամբ, «potchwork»-ի մօտեցումով ձեռագործեր պատրաստել, եւ այս վերջինները մեծ ընդունելութիւն գտած են, անընդհատ ապսպրանքներ կ՛ունենանք: Նորոյթն ալ իր դերը կը կատարէ, այսպէս, «modern» կահոյք սիրողներ ձեռագործ չեն գործածեր: Շատեր կը սիրեն, «ինչ գեղեցիկ» են կ՛ըսեն, բայց չեն գործածեր:
Որպէսզի աւանդական ասեղնագործութիւնը մնայ, աշխատող ձեռքեր պէտք են. սորվողը հազիւ իրեն համար քանի մը կտոր կ՛աշխատի, սակայն այս իսկ քաջալերական է:
Պէտք է յաճախ, զանազան առիթներով ոչ միայն կեդրոնին կազմակերպած տարեկան ցուցադրութեամբ, հայկական ձեռագործը պէտք է ցուցադրել դպրոցներէ ներս, հաւաքոյթներու ատեն, որպէսզի պզտիկէն մեծ, մարդիկ տեսնեն, հասկնան, հետաքրքրուին եւ, ինչո՞ւ չէ, սորվին աշխատիլ:
ԼԻՒՍԻ ԱԴԱՄԵԱՆ
Հայկական ձեռագործերու ծանօթացման եւ տարածման քաջալերանքը պակսած է երիտասարդներուն եւ հմուտ կամաւորներուն մօտ:
Սպառնացող վտանգներուն դիմաց, աւանդական ասեղնագործութիւնը նոր սերունդին փոխանցելու համար կան զանազան միջոցներ:
Սկսիլ մեր վարժարաններէն, օգտագործել ձեռային աշխատանքի եւ ատենամարզանքի պահերը:
Արհեստից վարժարաններու մէջ ալ կարելի է հայկական ասեղնագործութեան պահեր ունենալ:
Չմոռնանք մեր միութենական կառոյցները, կազդուրման կայան, սկաուտութիւն եւ այլն:
Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին հայկական ձեռագործը պէտք է դուրս հանել իր նեղ շրջանակէն` մասնակցելով տեղական թէ միջազգային ցուցահանդէսներու եւ արդիական հաղորդակցական միջոցներով (կայքեր, Դիմատետր) կարելի է բացուիլ աշխարհին եւ միջազգային շուկաներու:
ՏԻԳՐԱՆՈՒՀԻ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆ
Հայկական ասեղնագործութիւնը հայկական մշակոյթի հիմնական տարրերէն մէկն է: Ինչպէս հայկական երաժշտութիւնը, նկարչութիւնը, պարարուեստը, թատրոնը… այնպէս ալ հայկական ասեղնագործութիւնը հայ կնոջ զգացումի, մտքի, ցաւի ուրախութեան արտայայտութիւնն է, ուրեմն հայկական ասեղնագործութեան պէտք է տրուի իր լիիրաւ արժէքը` որպէս մշակոյթի մէկ մասնիկը եւ պահպանուի հոգածութեամբ, նաեւ փոխանցուի գալիք սերունդներուն:
Այսօր յառաջացած արհեստագիտական այս ժամանակաշրջանին, կեանքի դժուար պայմաններու բերումով, առաւել երիտասարդուհիներու աշխատանքին պատճառաւ, հայկական ասեղնագործութեամբ հետաքրքրուողներու, սիրողներու, սորվիլ փափաքողներու թիւը բաւական պակսած է:
Կեանքի պայմաններու արագ փոփոխութիւնը կարճ ժամանակամիջոցի մէջ, առաւել արհեստագիտութեան ընձեռած բարիքները եւ չարիքները հեռացուցած են հայ երիտասարդ սերունդը շատ մը բաներէ, նաեւ` ասեղնագործութենէն:
Համբերութիւնը պակսած է, եւ այս բոլորը պատճառ դարձած են, որ նոր սերունդը հեռանայ հայկական ասեղնագործութենէն: Այս ախտը օրէ օր կը խորանայ մեր երիտասարդներուն մէջ, իսկ դարմանումը մեծ ճիգերու կը կարօտի: Ճիշդ է, որ որպէս հմուտ կամաւորներ բաւական միջոցներու դիմաց ենք, ինչպէս հայկական դպրոցներու մէջ ասեղնագործութեան ուսուցումը, խմբակներ կազմուած են հայ օրիորդներէ ու տիկիններէ եւ անոնց փոխանցուած է հայկական ասեղներու գաղտնիքը, երբեմն անվճար: Ցուցահանդէսներ կազմակերպած ենք տարեկան, նաեւ մասնակցած ենք ուրիշ ցուցահանդէսներու տարբեր վայրերու մէջ, այս բոլորին հրաւիրած ենք երիտասարդ տիկիններ, օրիորդներ, որպէսզի տեսնեն, սիրեն եւ փոխանցեն յաջորդ սերունդին: Ընդառաջողներ, սորվողներ, գնահատողներ բաւական ունեցած ենք, մանաւանդ ցուցահանդէսներուն գնողներ եղած են եւ հայկական ասեղնագործութիւններով զարդարած իրենց տուները առաւել եւս տօնական օրերու առթիւ գեղեցիկ ասեղնագործութիւններ նուիրած են իրենց սիրելիներուն:
Փորձառութենէ մեկնած, բարձրաձայն մտածելով կը կարծեմ, թէ պէտք է հիմնել ասեղնագործութեան դպրոց մը, ինչպէս բոլոր միւս արուեստները, սկսիլ քիչով, սորվեցնել փափաքողներուն, ապա գործ հայթայթել աշխատողներուն, փնտռել, գտնել արաբական թէ միջազգային շուկաներ, ծանօթացնելով եւ վաճառելով այնքան նուրբ այս ձեռագործները, տարածել եւ փոխանցել գալիք սերունդին: Անշուշտ այս բոլորը մեծ ճիգերու եւ աշխատանքի կը կարօտին, բայց ով ըսաւ, որ հայ կնոջ կամքը զօրաւոր չէ:
ՍԵԴԱ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

