«Վիճակագրութիւնը Հանրութեան Սեփականութիւնն Է` Յօգուտ Երկրի Ընկերային և Տնտեսական Երկարաժամկէտ Քաղաքականութիւններու Որդեգրումին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթ. Մարալ Կիտանեան

Տոքթ. Մարալ Կիտանեան

Տոքթ. Մարալ Կիտանեան

Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն` տոքթ. Մարալ Կիտանեան 13 մայիս 2013-ին ընտրուեցաւ վիճակագրութիւններու մարզին մէջ Եւրօ-Միջերկրական երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի նախագահ: Սոյն ընտրութեամբ, աւելի քան տասնամեակ մը երկարող վաստակէ ետք սոյն վարչութեան իբրեւ ընդհանուր տնօրէն, տոքթ. Մարալ Կիտանեան կը հանդիսանայ լիբանանահայ առաջին անձնաւորութիւնը, որ կը ստանձնէ Լիբանանի համար յատուկ կարեւորութիւն ներկայացնող նման պաշտօն:

Այս առիթով «Ազդակ» տոքթ. Կիտանեանի հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին ան մեզի ծանօթացուց Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը, անոր տարած աշխատանքները, դիմագրաւած դժուարութիւնները, արձանագրած յաջողութիւնները, ինչպէս նաեւ հետագային իրագործուելիք ծրագիրները:

Նշենք, թէ տոքթ. Մարալ Կիտանեան, որ նախապէս կը դասաւանդէր Լիբանանեան, Քասլիքի Սուրբ Հոգի, ինչպէս նաեւ Սէն Ժոզէֆ համալսարաններուն մէջ, Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան տնօրէն նշանակուած է 1999-ի դեկտեմբերին: Նախքան Եւրօ-Միջերկրական երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի նախագահ իր ընտրութիւնը, ան ութ տարի շարունակ ՄԱԿ-ի մէջ ներկայացուցած է Ասիոյ ցամաքամասը` Ճափոնի ու Չինաստանի կողքին եւ լիազօր քուէարկութեան իրաւունք ստացած է մշակուելիք կամ որդեգրուելիք նոր օրէնքներու, բանաձեւերու կամ մեթոտներու պարագային:

Տոքթ. Կիտանեան իբրեւ Ասիոյ ներկայացուցիչը` մասնակցած է նաեւ «ՓԱՐԻԶ 21»-ի աշխատանքներուն, որոնք երկարած են չորս տարուան վրայ: Նշենք, որ «Փարիզ 21»-ը ֆրանսական ծրագիր մը չէ, այլ կրճատումն է «Partnership in Statistics for the 21st century», այսինքն` 21-րդ դարու համագործակցութիւնը վիճակագրութեան մարզին մէջ: Ան շեշտեց, որ այս առումով մեծ աշխատանք տարուած է, յատկապէս Սենեկալի մէջ տեղի ունեցած ընդարձակ խորհրդաժողովին ընթացքին, ուր Ասիան ունեցած է իր ազդու դերակատարութիւնը:

Նախքան մանրամասնելը Լիբանանի մէջ վիճակագրութեան տարբեր աշխատանքներն ու անոնց հոլովոյթը, տոքթ. Կիտանեան դիտել տուաւ, որ վիճակագրութիւնը հանրային սեփականութիւն մըն է. ան օգտակար է թէ՛ հանրային մարզին, եւ թէ՛ սեփական մարզին համար: Առաջինը զայն կ՛օգտագործէ իբրեւ  նեցուկ` որոշումներ տալու, ինչպէս նաեւ երկրին ընկերային ու տնտեսական քաղաքականութիւնները որդեգրելու: Իսկ սեփական մարզը անոր օգուտը կը քաղէ երկրին մէջ կատարելիք ներդրումային տարբեր աշխատանքներուն համար:

Պատմական

Պատմական ակնարկ մը նետելով` յիշեցնենք, որ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը, ներկայիս պարզած իր կարգավիճակով, ստեղծուած է 1979 փետրուարին, երբ ան վերածուած է պետական տնօրէնութեան` ուղղակի կապուելով երկրին վարչապետին, աւելի լայն իրաւասութիւններ եւ աշխատանքային կարելիութիւններ ունեցող պետական հաստատութիւն մը դառնալու փոխարէն:

«Ի դէպ, 1975-ին գոյութիւն ունէր Ծրագրաւորումի նախարարութիւնը (ուիզարադ ալ-թասմիմ), որ կ՛ընդգրկէր երկու տնօրէնութիւններ, Վիճակագրութեան կեդրոնական տնօրէնութիւնը եւ Ծրագրաւորումի ու ուսումնասիրութեանց տնօրէնութիւնը: Այդ պատճառով է, որ մենք մինչեւ օրս տակաւին ծանօթ ենք իբրեւ տնօրէնութիւն», կը հաստատէ տոքթ. Մարալ Կիտանեան:

«Նոյն ժամանակաշրջանին կ՛որոշուի Ծրագրաւորումի նախարարութիւնը լուծել, իսկ երկու տնօրէնութիւններուն տալ անկախ կարգավիճակ` զանոնք ուղղակի կապելով վարչապետին: 1977-ին Ծրագրաւորումի եւ ուսումնասիրութեանց տնօրէնութիւնը կը վերածուի ներկայիս բոլորին յայտնի Բարգաւաճումի եւ վերաշինութեան խորհուրդին` (Մեժլիս ալ-Ինմա ուալ-Իիմար), պետական հաստատութիւն մը, որ կը վայելէ լայն իրաւասութիւններով գործելու առաւելութիւն, ունի հսկայական գումարներ եւ կը գործէ անկախ կերպով, առանց ոեւէ մէկուն հաշուետու ըլլալու: Անկէ երկու տարի ետք, ստեղծուած է Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը, որուն կեդրոնատեղին կը գտնուէր մայրաքաղաքի սահմաններէն դուրս` Պիր Հասանի մէջ: Այդ իսկ պատճառով, եւ տրուած ըլլալով, որ այդ շրջանը բուռն պատերազմի ենթակայ վայր մըն էր, վարչութեան գրասենեակները եւ արխիւները, ինչպէս նաեւ իր յատուկ  տպարանը, այրեցան», ըսաւ տոքթ. Մարալ Կիտանեան` աւելցնելով, որ վարչութեան  պաշտօնեաները  լքելով իրենց գործերը վերադարձան տուն, իսկ վարչութեան աշխատանքը 1994-ին վերսկսաւ:

«Ներկայիս Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը կը հաշուէ 84 պաշտօնեայ, մինչ անոր պաշտօնէութիւնը` ըստ օրէնքի, պէտք է ըլլայ 256, տարբեր բաժանմունքներուն եւ  մասնագիտութիւններու մարզերուն մէջ: Այս մէկը ինքնին բարացուցական է` վարչութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն առումով», ըսաւ տոքթ. Կիտանեան:

Վիճակագրութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը

Տոքթ. Կիտանեան Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան կեդրոնին մէջ

Տոքթ. Կիտանեան Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան կեդրոնին մէջ

Պէտք է ըսել, որ ըստ օրէնքի, Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը, որ Լիբանանի պաշտօնական վիճակագրութեան միակ աղբիւրն է, հիմնական պարտականութիւն ունի Լիբանանի ընկերային եւ տնտեսական կեանքի վերաբերեալ բոլոր վիճակագրութիւնները եւ ուսումնասիրութիւնները (որոնց կարեւորագոյններէն են «ազգային հաշուեկշիռը» եւ «վճարային հաշուեկշիռը») կատարել` առանձին կամ համագործակցաբար տուեալ նախարարութիւններուն եւ հանրային հաստատութիւններուն հետ, ինչպէս նաեւ հսկել անոնց վիճակագրային գործունէութեան: Սակայն պատերազմի հետեւանքով, երկար ընդհատումը եւ վարչութեան չգոյութիւնը պատճառ դարձած էին, որ իւրաքանչիւր նախարարութիւն իր սեփական վիճակագրութիւնները կատարէր:

Այս իմաստով տոքթ. Կիտանեան կ՛ըսէ. «Նկատի ունենալով վարչութեան մարդուժի անբաւարարութիւնը, որ թոյլ չի տար կատարելու պէտք եղած հսկողութիւնը` բոլոր պետական հաստատութիւններուն մէջ, մենք որդեգրեցինք դիւանագիտական մօտեցում մը` համագործակցութեան մեթոտը, եւ գործընկերներ դարձանք բոլորին հետ, ինչպէս օրինակ` ելեւմուտքի, ընկերային հարցերու, տնտեսութեան, երկրագործութեան նախարարութիւններուն, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստին հետ»:

«Գործակցութիւններ մշակելու աշխատանքը շատ ժամանակ խլեց մեզմէ, սակայն կրցանք որոշ ճամբայ մը կտրել: Օրինակի համար` մենք կը գործակցինք ելեւմուտքի նախարարութեան հետ եւ անոնց հետ մշակած ենք ծրագիր մը, որպէսզի անոնց կատարած վիճակագրութեան արդիւնքները միջազգային չափանիշներու ներդաշնակ նկատուին», աւելցուց ան:

«Վարչութեան հրապարակած վիճակագրական տուեալները, որոնք մասնաւորաբար ամրագրուած են անոր կազմակերպական օրէնքներուն եւ կանոնագիրին մէջ, կը բաղկանան հիմնական երեք թեմաներէ.

ա) Ժողովրդագրական եւ ընկերային վիճակագրութիւն (demographic and social statistics). այս թեման կը պարփակէ տուեալներ եւ ցուցանիշներ, որոնք առնչուած են ժողովուրդին, կրթական մարզին, երկրին աշխատուժին, առողջապահական մարզին, մանուկներուն, կիներու իրավիճակին, միջազգային գաղթին եւ վերջապէս ընտանեկան ծախսերուն:

բ) Տնտեսական վիճակագրութիւն (economic statistics). այս մէկը կ՛ընդգրկէ հիմնական երկու ցուցանիշներ` սպառողական գիներու ցուցանիշը (Consumer Price Index – CPI) եւ ազգային հաշուեկշիռը (National Accounts):

գ) Բնակարանային յատկանիշները (housing characteristics)», ըսաւ տոքթ. Կիտանեան:

«Այս բոլորին վրայ կ՛աւելնան այլ թեմաներ, ինչպէս օրինակ` «Հազարամեակի զարգացման թիրախ»-ներու (Millenium Development Goals – MDG) հետ կապուած ցուցանիշներ, սեռային վիճակագրութիւններ, եւ շէնքերու, բնակարաններու եւ տնտեսական հաստատութիւններու վիճակագրութիւնը, որ պէտք է կրկնուի իւրաքանչիւր տասնամեակ:

«Վարչութեան պարտականութիւններէն է պետական հաստատութիւններուն մէջ գտնուող վիճակագրութեան նպատակով պատրաստուած բոլոր տուեալներուն մէկտեղումը, նպատակ ունենալով մեթոտաբանութիւններու կայունացումը, կեդրոնացումը եւ համակարգումը` նկատի առած, որ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը որդեգրած է եւ կը գործէ համաշխարհային մակարդակի վրայ կիրարկուած մեթոտներով, որոնք թոյլ կու տան ապահովելու տուեալներու եւ վիճակագրութիւններու շարունակականութիւնը եւ տարբեր երկիրներու հետ անոր բաղդատութիւնը:

website_cas«Հոս պէտք է նշել, որ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը տուեալներու երկու աղբիւր ունի: Մէկը` որ կը կոչուի «առաջնակարգ տուեալ» (Survey) կը հաւաքուի վարչութեան կողմէ պատրաստուած հարցաթղթիկներու հիման վրայ` գետնի վրայ տարուած աշխատանքով: Իսկ երկրորդը, զոր կարելի է անուանել «վարչական տուեալ» (Administrative data), կը հաւաքուի պետական կամ ոչ-պետական պաշտօնական հաստատութիւններու յատուկ տուեալներուն ընդմէջէն:

«Օրէնքին համաձայն, մեր կեդրոնին մէջ գաղտնապահութիւնը ամէն բանէ վեր է. ոչ ոք իրաւունք ունի տեսնելու մեր տուեալներն ու տեղեկութիւնները: Մենք հանրային մարզի միակ պաշտօնեաներն ենք, որոնք նախքան աշխատանքի սկսիլը` երդում կու տանք ոչ ոքի քաղաքացիներու վերաբերող տուեալներ փոխանցելու: Եթէ այդ երդման արարողութիւնը չըլլայ եւ Պէյրութի Արդարութեան պալատի դատախազը չհաստատէ, որ խնդրոյ առարկան երդուած է, ապա ան աշխատանքի իրաւունք չ՛ունենար», ըսաւ ան: Բայց եւ այնպէս, հակառակ գաղտնապահութեան հանդէպ ծայրագոյն այս խստապահանջութեան, վարչութիւնը բաց կը պահէ իր դռները եւ համագործակցութեան ամէն կարելիութիւնները ի գործ կը դնէ երկրի տարբեր մարզերուն հետ, ըլլան անոնք պետական-հանրային հաստատութիւններ, կրթական հաստատութիւններ թէ սեփական մարզ:

«Վարչութիւնը հանրութեան հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու զանազան ձեւեր որդեգրած է իր պարբերաբար լոյս տեսնող հրատարակութիւններու ընդմէջէն, ինչպէս նաեւ անոր կայքէջին www.cas.gov.lb միջոցով: Հարկ է նշել, որ վարչութեան պաշտօնական կայքէջը, իր յստակութեան, ճշգրտութեան եւ հետեւողական կերպով թարմացուելու յատկանիշին համար 2012-ին ստացած է շրջանային մրցանակ մը:

«Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան հրատարակած հերթական տեղեկագիրներէն են. Վիճակագրական տարեգիրքը եւ Ամսական տեղեկագիրը: Այլ հրատարակութիւններու շարքին են. «Լիբանանի մանուկներու վիճակը-2000», «Լիբանանի ընտանեկան առողջապահութիւնը-2004», «Ընտանեկան պիւտճէի վիճակագրութիւն-2004», «Ընտանեկան կենցաղային իրավիճակը- 2004 եւ 2007», «Լիբանանեան վարչական բաժանումը-2005», «Կենսոլորտային վիճակագրութիւններ-2006», «Լիբանանեան տնտեսական գործունէութիւններու դասաւորում-2008», «Լիբանանը` թուանշաններով-2008», «Բազմացուցանշային ողկուզային վիճակագրութիւններ (MICS)-2009», «Ազգային հաշուեկշիռ-2012» եւ այլն: Վերոյիշեալ բոլոր հրատարակութիւնները կարելի է ստանալ, առանց որեւէ փոխարժէքի` վարչութեան գրասենեակէն կամ զանոնք կայքէջէն ներբեռնելով:

«Իբրեւ արդիւնք Անգլիոյ վիճակագրութեան կեդրոնին հետ իր համագործակցութեան, Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը քանի մը տարիէ ի վեր նոր տիպի հրատարակութեանց շարքի մը ձեռնարկած է` «Statistics in Focus-SIF», որուն իւրաքանչիւր թիւը յատկացուած է յատուկ թեմայի մը, եւ կը ներկայացուի հակիրճ ու յստակ տուեալներու եւ թուանշաններու միջոցով: Ցայսօր արդէն իսկ լոյս տեսած են նման 4 հրատարակութիւններ` նուիրուած «Մանուկներուն» (սեպտեմբեր 2013), «Կրթական մարզին» (ապրիլ 2012), «Ժողովուրդին եւ բնակարանային համակարգին» (ապրիլ 2012) եւ «Աշխատանքի ասպարէզին» (հոկտեմբեր 2011):

Population-&-Housing

UNICEF

 

 

 

 

 

 

 

 

 

«Հարկ է նշել, որ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան բոլոր հրատարակութիւնները պատրաստուած են յատուկ հոգատարութեամբ եւ բծախնդրութեամբ` նկատի առնելով, որ անոնք ուղղուած են լայն բազմութեան մը, որ կ՛ընդգրկէ մասնագէտ եւ ոչ-մասնագէտ խաւեր: Հոն կարելի է տեսնել, թուանշաններու եւ պատկերներու կողքին, իւրաքանչիւր թեմայի վերաբերեալ քարտէսներ, որոնք աւելի յստակ կը դարձնեն ուսումնասիրուած նիւթին աշխարհագրական տարածումը Լիբանանի տարբեր մարզերուն մէջ:

 

Lebanese-National-Accounts

The-Labour-Market-In-Lebanon

Education-in-Lebanon

 

 

 

 

 

 

 

 

 

«Մեր հրատարակութիւններուն պարագային, արաբերէնը պայման է, բայց մենք կը փորձենք երկլեզու դրութեամբ կատարել այդ հրատարակութիւնները, որոնք լոյս կը տեսնեն արաբերէնով եւ անգլերէնով: Մեր պատրաստած զանազան եւ տարբեր տեսակի վիճակագրութիւններուն փոխարէն` կարելի եղաւ պատրաստել մէկ հրատարակութիւն եւ զայն դնել ուսումնասիրողներուն տրամադրութեան տակ, որպէսզի անոնք մէկ հրատարակութեան մէջ հետեւին զանազան վիճակագրութեանց արդիւնքներուն, որոնք զետեղուած են թեմաներու յաջորդականութեամբ:

«Այս աշխատանքը իրականացնելու համար տնօրէնութիւնը իր անձնակազմէն երեք պաշտօնեայ ուղարկեց Հիւսիսային Իրլանտա. անոնք մէկ ամսուան ընթացքին սորվեցան, թէ ինչպէս պէտք է պատրաստել նման հրատարակութիւն մը` ցուցակներ պատրաստելու եւ արագ տեղեկութիւններ փոխանցելու առումով: Այս շրջագիծին մէջ, հարկ է նշել, որ  Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը իր հրատարակած արդիւնքներուն մէջ կը լրացնէ բաղդատութիւն կատարելու միջազգային չափանիշները», ընդգծեց տոքթ. Կիտանեան:

Հրատարակութիւններուն անդրադառնալով` տոքթ. Կիտանեան յայտնեց, որ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը կը հրատարակէ նաեւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ին համար յատուկ վիճակագրութիւններ, որոնք կը վերաբերին մանուկներու պատուաստներուն: Այս վիճակագրութիւնը հինգ տարին անգամ մը կը հրապարակուի, նոր հաւաքուած տուեալներով ամբողջ Լիբանանի տարածքին` նոյն մասնագիտական ձեւով ու մեթոտներով:

«2012-ին Համաշխարհային դրամատան հետ գործակցաբար կատարուեցաւ «Ընտանեկան պիւտճէ»-ի վերաբերեալ վիճակագրութիւնը, որ պիտի արտօնէր սահմանելու «աղքատութեան մակարդակը», այժմէականացնելու «սպառողական զամբիւղը», ինչպէս նաեւ վերարժեւորելու «սպառողական գիներու ցուցանիշ»-ը: Յիշեցնենք, որ այս ցուցանիշը կը ճշդուի Արժոյթի միջազգային հիմնադրամին հետ գործակցաբար:

«Ըստ օրէնքի, Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը լիբանանեան բոլոր նահանգներուն մէջ պէտք է շրջանային գրասենեակներ ունենայ, ուրկէ կարելի կ՛ըլլայ վիճակագրական աշխատանքները աւելի արագ եւ հեզասահ ձեւով կատարել, սակայն դժբախտաբար ներկայիս այս մէկը գոյութիւն չունի: Հետեւաբար, նոր վիճակագրութեան աշխատանքի մը պարագային, մենք վիճակագրող անհատները տուեալ շրջաններէն կ՛առնենք, ժամանակաւոր աշխատանքի համար: Սահմանուած պայմանները լրացնող անհատները կը դիմեն վարչութեան եւ փորձառական շրջանէ մը ետք կը կատարեն իրենց աշխատանքը: Աւարտին, անոնք կը մեկնին` ստանալով փորձառութիւն, աշխատավարձ եւ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ վկայագիր մը», ըսաւ տոքթ. Կիտանեան:

Խօսելով աշխատանքի կարելիութիւններուն մասին` ան շեշտեց, որ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան դռները լայն բացուած են բոլոր համալսարանականներուն դիմաց: «Անոնք, որոնք կ՛ուզեն փորձառութիւն շահիլ, կրնան դիմել մեզի. մեծ դիւրութիւններ կը տրամադրենք իրենց: Մեզի կը դիմեն Լիբանանեան, Քասլիքի Սուրբ Հոգի, Լիբանանի Ամերիկեան, Պէյրութի Ամերիկեան եւ այլ համալսարաններէ մեծ թիւով ուսանողներ ու շրջանաւարտներ` մասնագիտական ուսումնասիրութիւններու, թէ փորձառական շրջան անցնելու նպատակով: Անցնող 14 տարիներուն ընթացքին աւելի քան հազար ուսանող փորձառական շրջան անցուցած է, մասնակցած մեր աշխատանքներուն եւ վկայագիր ստացած: Օրինակ` Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներէն մէկը հոս դասաւանդած էր եւ տեսութեան կողքին, իր ուսանողներուն գետնի վրայ աշխատանքը փոխանցած: Մեր կեդրոնը չոր վիճակագրութեան կեդրոն չէ, այլ այդ տեղեկութիւններուն մէջ կեանք դնելու մնայուն փորձը կայ», ըսաւ Մ. Կիտանեան: Ան ի սրտէ կոչ ուղղեց հայ ուսանողներուն եւ շրջանաւարտներուն` ըմբռնելու, որ եթէ իբրեւ հայեր այս երկրին մէջ մեր պահանջները կ՛ուզենք աւելցնել, պէտք է մուտք գործենք պետական մարզ: «Ցաւ ի սիրտ կ՛ըսեմ, որ ոչ մէկ հայ հետաքրքրուած է վիճակագրութեամբ, հակառակ անոր որ անոնց ընձեռուած են Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան աշխատանքներուն մաս կազմելու առիթներ եւ այդ վարչութեան դռները բաց են բոլորին դիմաց», ընդգծեց ան:

Վիճակագրութեան մեթոտներուն մասին խօսելով` տոքթ. Կիտանեան յայտնեց, որ վարչութեան վիճակագրութիւններուն մէջ սեռային պատկանելիութեան թեման հիմնական թեմաներէն է: «Հակառակ անոր որ ՄԱԿ-ը 2006-2007-էն սկսեալ կը պահանջէր այս մէկը, սակայն Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը արդէն 2000-էն որդեգրած էր այս մեթոտը եւ ասիկա իմ նախկին ակադեմական ասպարէզիս շնորհիւ է, որովհետեւ աշխատանքի բերումով լաւատեղեակ էի այս թեմաներուն եւ գիտէի, թէ ինչ էին բացթողումները` տրուած ըլլալով, որ արդէն ուսումնասիրութիւններ կը կատարէի այս մարզին մէջ եւ աւելի քան 100 մագիստրոսի եւ տոքթորայի ուսումնասիրութիւններու ղեկավար եղած էի», յայտնեց ան:

Լիբանանեան ԸնկերայինՏնտեսական Կեանք

«Նախորդ տարիներուն, սեփական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձի յաւելումները որոշելու յատուկ նիստերուն Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան մնայուն մասնակցութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` տոքթ. Մ. Կիտանեան հաստատեց, որ այդ հանդիպումներուն նպատակը աշխատավարձի յաւելումները գիտական եւ առարկայական ձեւով ճշդելն էր, մանաւանդ որ երկրին մէջ արձանագրուած սղաճը սահմանելու տարբեր ոճեր գոյութիւն ունէին եւ տարբեր մօտեցումներ տարբեր թիւերու կը յանգէին տարիներ շարունակ: 2005-էն սկսեալ ամբողջ Լիբանանի տարածքին կատարուեցաւ ընտանիքներու սպառողական զամբիւղին վերաբերեալ առաջին վիճակագրութիւնը, որ թոյլ տուաւ աղքատութեան մակարդակը ճշդելու եւ շատ մը այլ ընկերային ցուցանիշներ ի յայտ բերելու: Կատարուած այս աշխատանքին հիման վրայ որոշուեցաւ այս աշխատանքը յետ այսու ամսական դրութեամբ կատարել:

«Արժոյթի միջազգային հիմնադրամը (IMF), որ իր թեքնիք օժանդակութիւնը կը տրամադրէ վարչութեան, մեծապէս կը գնահատէ այս աշխատանքը` զայն  նկատելով աշխարհի լաւագոյն կերպով պատրաստուած սպառումի սակացոյցերէն մէկը: Յիշենք, որ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը, պահելու համար իր շարունակականութիւնը եւ ճշդապահութիւնն ու բծախնդրութիւնը, որոշած է այդ ցուցանիշը հրապարակել «իւրաքանչիւր ամսուան 20-էն ետք զուգադիպող առաջին աշխատանքային օրուան, առաւօտեան ժամը 9:00-10:00», կը մատնանշէ տոքթ. Կիտանեան:

«Այս ծիրին մէջ, վարչութեան հրապարակած թիւերը հիմնուած են 70 հազար սակի վրայ, տուեալները հաւաքուած են շուրջ 2 հազար վաճառատուներէ` ամբողջ Լիբանանի տարածքին: Հետեւաբար, ասիկա կը հանդիսանայ պաշտօնական սպառումի սակացոյցը, որուն հիման վրայ կարելի է ճշդել ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը», ըսաւ ան:

Միջազգային Եւ Շրջանային Համագործակցութիւն

Շրջանային մակարդակի վրայ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը անդամ է Արաբական Լիկայի վիճակագրութեան յատուկ յանձնաժողովին: Ան նաեւ անդամ է Արաբական Վիճակագրութեանց ուսումնասիրութիւններու եւ վարժութիւններու կեդրոնին (AITRS), որուն գործադիր մարմինի անդամ է տոքթ. Կիտանեան:

«Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը իր կարելին կ՛ընէ, որպէսզի լաւագոյնս համադրէ լիբանանեան օրակարգով ճշդուած իր աշխատանքները միջազգային կազմակերպութիւններու հանդէպ իր յանձնառութիւններուն հետ, առանց խաչաձեւում ստեղծելու անոնց միջեւ: Մենք նաեւ ունինք համաշխարհային կազմակերպութիւններու կողմէ պատուիրուած վիճակագրութիւններ, որոնք ճշդուած են անոնց օրակարգով, եւ ուր Լիբանան ստիպուած է կատարել զանոնք` նկատի ունենալով, որ ան  համաձայնագիրներ ստորագրած է այդ կազմակերպութիւններուն հետ: Օրինակի համար` ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ին վերաբերող հնգամեայ դրութեամբ կատարուած վիճակագրութեան արդիւնքներուն հիման վրայ է, որ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի կողմէ Լիբանանի կառավարութեան նպաստներ կը տրուին», շեշտեց ան:

Շարունակելով խօսիլ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան արտաքին համագործակցութիւններուն մասին, տոքթ. Կիտանեան ըսաւ, որ ան անցեալ տարի վիճակագրական հսկայ աշխատանք մը կատարած է Համաշխարհային դրամատան հետ: Կատարուած վիճակագրութիւններուն հիման վրայ պիտի պատրաստուի նաեւ աղքատութեան մակարդակի համեմատութիւնը մօտիկ ապագային եւ պիտի հրապարակուին նոր թիւեր` նկատի ունենալով, որ վերջին թիւերը հրապարակուած էին 2005-ին, իսկ այդ համեմատութիւնը պէտք է ճշդուի 4-5 տարին անգամ մը` հիմնուելով ամբողջ տարուան ընթացքին լիբանանցի ընտանիքներուն սպառողական զամբիւղին ցոյց տուած թիւերուն վրայ:

Անդրադառնալով Եւրոպական կառոյցներու հետ վարչութեան ունեցած երկար տարիներու գործակցութեան, տոքթ. Կիտանեան կատարեց անոր պատմականը եւ յայտնեց, որ այդ գործակցութիւնը հիմնականին մէջ կը կատարուի «Եւրոսթաթ»-ի հովանիին տակ, որ Եւրոպայի վիճակագրութեան կեդրոնն է, եւ որուն եւրոպական բոլոր երկիրները պարտաւոր են ներկայացնել իրենց յատուկ տեղեկութիւններն ու տուեալները:

Տոքթ. Կիտանեան` Ե. Միութեան խորհրդաժողովներէն մէկուն ընթացքին

Տոքթ. Կիտանեան` Ե. Միութեան խորհրդաժողովներէն մէկուն ընթացքին

Եւրոպական Միութեան դրացնութեան քաղաքականութեան (neighborhood policy) ծիրին մէջ, Եւրօ-միջերկրական գործակցութիւնը ծաւալեցաւ տարբեր մարզերէ ներս, որոնց շարքին են նաեւ վիճակագրութեան մարզը: Սոյն համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք, 1990-ականներու կէսերուն ծնունդ առաւ «Մետսթաթ» ծրագիրը, որուն երրորդ հանգրուանը կ՛երկարէր 2010-2013:

«Մետսթաթ» ծրագիրին հետապնդած հիմնական նպատակներն էին.

ա) Վիճակագրական կառոյցներուն եւ համապատասխան նախարարութիւններուն մէջ գործող պաշտօնեաներուն կարողութիւնները բարելաւել` կազմակերպելով մասնագիտական վարժանիստեր, որոնք կը կեդրոնանային տարբեր երկիրներու միջեւ փորձառութիւններու փոխանակման, վիճակագրական եւրոպական կառոյցներուն կատարուած հետախուզական այցելութիւններուն վրայ` իմանալու համար վիճակագրական թեքնիքներու արդիական միջոցները: Այս աշխատանքներուն մասնակցեցան Վիճակագրութեան  կեդրոնական վարչութեան եւ այս մարզին մէջ գործող նախարարութիւններու ու այլ վարչութիւններու պաշտօնեաներ:

բ) Ազգային մակարդակի վրայ վիճակագրութիւն կատարող կողմերուն միջեւ աշխատանքի համադրումն ու երկխօսութիւնը ամրապնդել, ինչպէս նաեւ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան եւ այս մարզին մէջ գործող նախարարութիւններու ու այլ վարչութիւններու պաշտօնեաներուն միջեւ գործող խումբերուն զօրակցիլ:

գ) Ազգային եւ շրջանային առումով տուեալներն ու ցուցանիշները հաւաքելու միջոցներն ու համոզումները միացնել:

«Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը սկսաւ իր աշխուժ մասնակցութիւնը ունենալ կազմակերպուող աշխատանքային բոլոր հանդիպումներուն: Այդ աշխատանքներուն մասնակցութեան շնորհիւ` կեդրոնին անձնակազմը փորձառութիւն ձեռք ձգեց եւ դարձաւ աւելի արհեստավարժ, իսկ աշխատանքային հանդիպումներուն ընթացքին Լիբանանի կողմէ ներդրումը, որակի եւ ծաւալի իմաստով, մեծ գնահատանքի արժանացաւ:

«Այս լաւ յարաբերութեան արդիւնքը եղաւ այն, որ Լիբանանի Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը վերջին տարիներուն ընթացքին Անգլիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի վիճակագրութեան վարչութիւններուն հետ ստորագրեց թուինինկի` քոյր կազմակերպութիւններ դառնալու համաձայնագիրներ: Թուինինկի յղացքը այն է, թէ եւրոպական այն երկիրը, որ վիճակագրութեան մարզին մէջ ուրիշ երկրի մը հետ քոյր պիտի հռչակուի, պէտք է օժանդակէ այդ երկրին` բարելաւելու համար վիճակագրութեան շրջագիծին մէջ անոր խոցելի կէտերը:

«Լիբանանի պարագային Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան մէջ ամէնէն խոցելի կէտը Ազգային հաշուեկշիռն էր (National Accounts), որուն ճշդումը մեր գրասենեակին ստանձնած առաքելութեան մաս կը կազմէ: Ազգային հաշուեկշիռը երկրին տնտեսական ընդհանուր իրավիճակը կը ներկայացնէ», նշեց ան:

Տոքթ. Մ. Կիտանեան շեշտեց, որ այս համաձայնագիրին շնորհիւ` Լիբանան կրցաւ հսկայական աշխատանք ծաւալել եւ նոր մեթոտներ մշակել` վիճակագրութեան մարզին բարգաւաճումին իմաստով: «Այս ծիրին մէջ, Անգլիոյ մնայուն փորձագէտը, որ կը հսկէր այդ աշխատանքին, Լիբանան ժամանեց եւ մէկուկէս տարի հսկեց տնօրէնութեան աշխատանքներուն: Այս ջանքերուն իբրեւ արդիւնք, Լիբանան հրապարակեց իր Ազգային հաշուեկշիռը երկար տարիներու բացթողումէ ետք: Այս մէկը կատարուեցաւ 2012-ին` նորագոյն մեթոտներու որդեգրումով, այդ մեթոտն է` SNA 2008, որ արաբական աշխարհին մէջ տակաւին ոչ մէկ երկրի կողմէ որդեգրուած է: Մեր նպատակն է այս աշխատանքը կրկնել ոչ թէ տարեկան, այլ եռամսեայ դրութեամբ», ըսաւ տոքթ. Կիտանեան:

Անդրադառնալով արաբական աշխարհին եւ ի մասնաւորի Լիբանանի մէջ վիճակագրութեան մարզի կարեւորութեան` Մ. Կիտանեան յայտնեց, որ Համաշխարհային դրամատունը եւ Արժոյթի միջազգային հիմնադրամը տարբեր երկիրներուն յատկացնելիք իրենց նիւթական օժանդակութիւնները կը ճշդեն այդ պետութիւններուն մէջ կատարուած վիճակագրութեան տուեալներուն հիման վրայ:

Ապագայ Ծրագիրներ

Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ապագայ ծրագիրներուն անդրադառնալով` տոքթ. Մ. Կիտանեան ըսաւ, որ ան ներկայիս ունի երեք հսկայ ծրագիրներ, որոնց ծախսը ամբողջութեամբ Եւրոպական Յանձնաժողովը (European Commission) պիտի հոգայ: Այդ վիճակագրութիւններէն մէկը կը վերաբերի համաշխարհային գաղթականութեան` ըլլայ ան օրինական թէ ապօրինի, իսկ երկրորդը` Լիբանանի մէջ կենցաղային պայմաններուն (Living conditions), որուն մէջ անդրադարձ պիտի կատարուի «աշխատանքի եւ անգործութեան» թուանշաններուն` գաւառներու մակարդակով, մասնաւորաբար շեշտը դնելով սուրիացի գաղթականներու ներկայութեան հետեւանքներուն վրայ: Ինչ կը վերաբերի երրորդ ծրագիրին` ապա այդ մէկը յատկացուած է «Մանուկներու աշխատանք»-ի (Child labour) թեմային, որ պիտի կատարուի Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան (ILO) հետ գործակցութեամբ:

Աւելի մանրամասնելով` տոքթ. Կիտանեան հաստատեց, որ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը հետեւողական կերպով կը կատարէ վիճակագրութիւններ` ճշդելու համար սպառողական սակերու ցուցանիշները, տնտեսական մարզերու ուսումնասիրութիւնը, գործունեայ մարդուժի եւ անգործութեան համեմատութիւնները, Ազգային հաշուեկշիռի պատրաստութիւնը, կրթաթոշակի եւ բնակարանային մարզի սակերու ցուցանիշներուն պատրաստութիւնը` առաջին հերթին պարբերական, ապա ամսական հերթականութեամբ եւ ոչ թէ տարեկան դրութեամբ` ինչպէս է պարագան ներկայիս:

Տոքթ. Կիտանեան նաեւ շեշտեց, որ այդ ծրագիրներուն մաս կը կազմէ միջազգային գաղթականութեան համեմատութեան վիճակագրութիւնը, զոր Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը պիտի կատարէ 2014-ին, «Մետսթաթ»-ի փորձագէտներուն մշակած ծրագիրին համաձայն եւ գործակցութեամբ Միջազգային դրամատան, գաղթականութեան հարցերու ՄԱԿ-ի բարձր յանձնակատարին, Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան եւ Արաբական լիկային:

«Թէեւ այս վիճակագրութիւնը պիտի կատարեն բոլոր այն երկիրները, որոնք «Մետսթաթ»-ի ծրագիրին մաս կը կազմեն, սակայն Լիբանանը միակ միջերկրականեան երկիրն է ցարդ, որ գործնական քայլերու արդէն իսկ դիմած է, եւ իբրեւ այդպիսին Լիբանանի Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը հանդիպում մը ունեցած է «Մետսթաթ»-ի փորձագէտին հետ ու մշակած վիճակագրութեան յատուկ այդ ծրագիրն ու անոր ենթադրած պիւտճէն: Ծրագիրին պատրաստութիւնը աւարտելէ ետք, Եւրոպական Միութիւնը վաւերացուցած է զայն եւ ստանձնած անոր գործադրութեան ամբողջական ֆինանսաւորումը», շեշտեց տոքթ. Կիտանեան:

Եզրափակելով իր խօսքը` տոքթ. Կիտանեան դարձեալ հաստատեց, որ վիճակագրութիւնը Լիբանանի հանրութեան սեփականութիւնն է, բայց դժբախտաբար Լիբանանի մէջ վիճակագրական մշակոյթի պակասը պատճառ կը դառնայ, որ քաղաքացին ինքզինք առնչուած չզգայ այս նիւթին, բան մը, որ 21-րդ դարուն աններելի է: «Ներկայիս ենթադրութեան վրայ կառուցուած ուսումնասիրութիւններու ժամանակը վերջ գտած է, եւ եթէ պետութիւն մը կ՛ուզէ զարգացում ապրիլ, յստակ ծրագիրներու հիման վրայ, պէտք է անպայման իր քաղաքականութիւնը կերտէ ընկերային-տնտեսական ճշգրիտ եւ պաշտօնական թիւերու հիման վրայ», ըսաւ տոքթ. Մարալ Կիտանեան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )