Յիշատակի Երեկոյ` Նուիրուած Հայազգի Աշխարհահռչակ Հանճարներէն Արամ Խաչատուրեանին

agbuՀովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Աշոտ Քոչարեանի եւ գործակցաբար ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի  վարչութեան, երէկ` կիրակի, 1 դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին,  յիշատակի յատուկ հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ: Ձեռնարկին բացումը կատարեց ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի վարիչ տնօրէն Անիթա Լիպիար: Անգլերէնով արտասանած իր ողջոյնի խօսքին մէջ, Անիթա Լիպիար յայտնեց, որ ձեռնարկը կազմակերպուած է նշելու աշխարհահռչակ հայազգի հանճարներէն Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 110-ամեակը: Դրուատելէ ետք մեծարեալին  արժանիքները` Անիթա Լիպիար ներկայացուց յայտագիրի գլխաւոր խորագիրները: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն ձեռնարկի յաջողութեան նպաստողներուն, յատկապէս` դեսպան Քոչարեանին եւ Միրէյ Խանամիրեանին:

Ապա ցուցադրուեցաւ Արամ Խաչատուրեանի մասին վաւերագրական տեսերիզ մը, ուր երաժշտական աշխարհի  հայ թէ օտար արուեստագէտներ (Տիգրան Մանսուրեան, Լորիս Ճգնաւորեան, Կոստանդին Օրբելեան…) յատուկ ակնածանքով անդրադարձան Խաչատուրեանի կենսագրական, նկարագրային թէ երաժշտական արժանիքներուն: Հայերէնով, անգլերէնով թէ ռուսերէնով արտայայտուող սոյն տեսերիզը պատրաստուած է Երեւանի մէջ եւ առաջին անգամն է, որ հանրութեան կը ներկայացուի Լիբանանի մէջ: Անոր խմբագրութեան հիմնական աշխատանքը կատարած են դեսպան Աշոտ Քոչարեան եւ Միրէյ Խանամիրեան:

Ապա յաջորդաբար խօսք առին Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Աշոտ Քոչարեան եւ Լիբանանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբի գեղարուեստական տնօրէն մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեան: Անոնք վեր առին Արամ Խաչատուրեանի կեանքին ու երաժշտական արուեստին առնչուող հիմնական յատկութիւններն ու արժանիքները` մեծապէս դրուատելով երաժշտական աշխարհի այս տիտանին թողած խոր դրոշմը հայ երաժշտութեան մարզին մէջ, որ վերջին դարուն յատկանշուած է գլխաւորաբար Կոմիտասի եւ Արամ Խաչատուրեանի մշակութային-երաժշտական աւանդով:

Այս առիթով ներկայացուած գեղարուեստական յայտագիրով , դաշնակի եւ ջութակի վրայ ելոյթ ունեցան Արմէն եւ Սիւզան Քեչեք եւ Պորիս Միրզոյեան (ջութակ)` նուագելով  դասական երաժշտութեան, յատկապէս` Արամ Խաչատուրեանի գլուխ գործոցներէն հատուածներ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES