Ճազի Երեկոյ` Հայ Աւետարանական Քոլեճի 90-ամեակին Առիթով

High-SchoolԱւելի քան 1 ժամ տեւողութեամբ ներկաները ունկնդրեցին Տիւք Էլինկթընի, Թելոնիըս Մոնքի, Ռեննի Կոլսընի, Մայըլ Տէյվիսի եւ այլ երաժիշտներու գործերէն կտորներ, ինչպէս նաեւ «Նուպար» հայկական ժողովրդական երգը: Նուագախումբի անդամներն էին Արթիւր Մաթեան` դաշնակ, Րաֆֆի Մանտալեան` կիթառ, Մաքրամ Ապու Հսըն` թաւջութակ, Փաուլօ Օրլանտի` տրամզ եւ անշուշտ Աւօ Թիւթիւնճեան` սաքսոֆոն:

Համերգի աւարտին խօսք առաւ Հայ աւետարանական քոլեճի տնօրէն տոքթ. Զաւէն Մսըրլեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի նախկին աշակերտ Աւօ Թիւթիւնճեանի, որ մանուկ տարիքէն իր տաղանդը ցուցաբերած էր վարժարանին մէջ եւ այսօր արդէն իսկ դարձած է համբաւաւոր սաքսոֆոնիստ մը: Ան նկատել տուաւ, որ ատենամարզանքի պահերը առիթ կ՛ընծայեն աշակերտներուն` ցուցաբերելու իրենց ունեցած ձիրքերը:

Մսըրլեան նկատել տուաւ, որ 2003-ին եւս Աւօ Թիւթիւնճեան նմանօրինակ ելոյթ մը ունեցած է վարժարանին մէջ, եւ այսօր կրկին անգամ ելոյթին հասոյթը կը նուիրէ Հայ աւետարանական քոլեճի կրթանպաստի ֆոնտին:

 

Share this Article
CATEGORIES