Յայտարարութիւն
Սիրելի՛ նախկին եւ ներկայ զաւարեանական ընկերներ,
Զաւարեան ուսանողական միութեան «Զաւարեանական Էջ»-ի յանձնախումբը կը պատրաստուի հրատարակելու «Խռովք»-ի չորրորդ թիւը: «Խռովք»-ը «Զաւարեանական Էջ»-ի բացառիկ հրատարակութիւնն է, որուն համար յօդուածներ կը տրամադրեն ներկայ եւ նախկին զաւարեանականներ, եւ որ լոյս կը տեսնէ պրակի ձեւով ու կը բաժնուի «Ազդակ»-ին հետ:
Յաջորդող «Խռովք»-ով կը փափաքինք անդրադառնալ այն դերին, որ սփիւռքը եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կրնան ունենալ կամ պէտք է ունենան Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման խոչընդոտող հարցերու լուծման մէջ:
Նիւթերը կրնան անդրադառնալ.
- Տնտեսական հարցերու
- Ընկերային հարցերու
- Քաղաքական հարցերու
- Կրթական հարցերու
- Արդիւնաբերութեան-ճարտարարուեստի վերաբերող հարցերու
- Մշակութային-արուեստի վերաբերող հարցերու
- Բնապահպանական հարցերու
- Արհեստագիտական-գիտութեան վերաբերող հարցերու
- Այլ
Ի հարկին կարելի է անդրադառնալ սփիւռքի կազմակերպուածութեան` քննարկելու համար լուծումներու կարելիութիւնը: Քաջալերելի է յօդուածներուն մէջ ներառել ուսումնասիրութիւններ:
Այսպիսով, ձեր մասնակցութեամբ կը յուսանք ձեռք բերել այժմէական եւ կարեւոր հրատարակութիւն մը:
Կը խնդրենք մինչեւ 15 դեկտեմբեր տեղեակ պահել գրելու պատրաստակամութեան եւ հաւանական նիւթին մասին` կապուելով [email protected] հասցէին կամ ԶՈՄ-ի գործավարութեան:
Յօդուածները ուղարկել նոյն հասցէին` մինչեւ 1 փետրուար:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կապուիլ հետեւեալ թիւին` 00961-71257768:
ՀՅԴ ԶՈՄ-Ի «ԶԱՒԱՐԵԱՆԱԿԱՆ
ԷՋ»-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

