100-ամեակի Մարմինը Այցելեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր

IMG_6047-01Ուրբաթ կէսօրին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը այցելեց Լիբանանի հայոց Առաջնորդարան եւ տեսակցեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ Եպիս. Փանոսեանի հետ։
Հանդիպման օրակարգը կը վերաբերէր 100-ամեակի մարմնին կողմէ ծրագրուած յառաջիկայ աշխատանքներուն։
Մարմնի ատենապետ Սեդա Խտըշեանի ներկայացուցած զեկուցումը լսելէ ետք, Առաջնորդ սրբազան հայրը ընդգծեց Լիբանանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը արժանավայել նշելու անհրաժեշտութիւնը եւ հաստատեց Հայոց Առաջնորդարանի զօրակցութիւնը 100-ամեակի ծրագիրները իրականցնելու աշխատանքներուն։

 

Share this Article
CATEGORIES