Իրանի Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Ժընեւեան Բանակցութիւնները Պիտի Շարունակուին Այս Շաբաթ
Իրանի արտաքին գործոց նախարարի միջազգային հարցերով օգնական, հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցող պատուիրակութեան անդամ Ապպաս Արաքժի յայտնեց, որ այս շաբաթ Ժընեւի մէջ հիւլէական թղթածրարին շուրջ գոյացած համաձայնութիւնը գործնականացնելու համար համաձայնութեան մանրամասնութեանց շուրջ Իրանի եւ Վեցեակին միջեւ բանակցութեան նոր փուլ մը տեղի պիտի ունենայ:
Իրանեան «Փրես Թի.Վի.» կայանը հաղորդեց, որ Արաքժի յայտնած է, որ հակառակ համաձայնութեան գոյացման` երկու կողմերը համաձայնութեան առաջին հանգրուանը գործադրելու համար որոշ ժամանակի կը կարօտին:
Ան աւելցուց, որ Եւրոպական Միութիւնն ու Միացեալ Նահանգները Թեհրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն վերաբերող օրէնքները փոխելու համար որոշ ժամանակի կը կարօտին, իսկ Իրանն ու Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը իրենց կարգին այդ համաձայնութիւնը գործնականացնելու առնչութեամբ անհրաժեշտ մեքանիզմներուն ձեւաւորման համար որոշ ժամանակի կը կարօտին:
Արաքժի նշեց, որ գործակալութիւնը աւելի մեծ պիւտճէի եւ մարդկային ու ելեւմտական յաւելեալ ներուժի կը կարօտի: «Համաձայնութեան գործնականացման մէջ որեւէ հաւանական ուշացում կրնայ միայն թեքնիք կամ գործնական հարցերու բերմամբ ըլլալ», ըսաւ ան:
Մինչ այդ, Իրանի հիւլէական ուժանիւթի կազմակերպութեան նախագահ Ալի Աքպար Սալեհի յայտարարեց, որ Իրան մտադիր է Ռուսիոյ օժանդակութեամբ Պուշահրի մէջ յառաջիկայ տարուընէ սկսեալ հիւլէական նոր կայան մը կառուցելու:
Ան ըսաւ, որ իր երկիրը ներկայիս Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններ կը վարէ` կառուցելու համար 4 հազար մեկաուաթ կարողականութեամբ հիւլէական կայաններ, եւ պատրաստ է զանոնք կառուցելու` նշելով, որ Թեհրան երկրորդ հանգրուանի մը ընթացքին կը ծրագրէ երկրի ուժանիւթի կարիքներու բաւարարման համար իր հիւլէական կայաններու ուժը շուրջ 5 հազար քիլոուաթով աւելցնել:
Միւս կողմէ, «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իրանի մէջ Ապատանէն Մաշահր երկարող քարիւղի խողովակը ականահարելու համար պատրաստուած ական մը վնասազերծուած է:

