«Սուրիա Իր Հողերուն Վրայ Ոչ Իսկ Մէկ Ահաբեկիչի Գոյութիւնը Պիտի Արտօնէ», Ըսաւ Հալքի

Ուաէլ Հալքի

Ուաէլ Հալքի

Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքի Իրանի առաջին փոխնախագահ Իսհաք Ճահանկիրիի հետ ունեցած հանդիպումէ մը ետք յայտնեց, որ «կառավարական ուժերը զինեալ ընդդիմութեան դէմ իրենց պատերազմին մէջ յաղթանակներ կ՛իրագործեն»` նշելով, որ «սուրիական կառավարութիւնը սուրիական հողերուն վրայ ոչ իսկ մէկ ահաբեկիչի գոյութիւնը պիտի արտօնէ»:

Ճահանկիրի իր կարգին յայտնեց, որ «իրանեան դիւանագիտութիւնը Արեւմուտքին հետ բանակցութեանց ընթացքին «քաջարի ճկունութիւն» ցուցաբերեց, ինչ որ դրական ազդեցութիւն ունեցաւ շրջանի տագնապներուն, նախ եւ առաջ սուրիական տագնապի լուծման քաղաքական թղթածրարին վրայ»:

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Հալքիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ «աշխարհի մէջ ամէնէն վտանգաւոր ահաբեկիչները Սուրիոյ մէջ հաւաքուեցան, ինչ որ շրջանի բոլոր երկիրներուն սպառնալիք մը կը ներկայացնէ»:

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Դամասկոսի մէջ ֆրանսական դպրոց մը հրասանդի հրթիռի մը թիրախ դարձնելը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )