Ժեմայէլ Եւ Ապատի Կը Զօրակցին Քաղաքական Լուծումներուն

Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ շաբաթ երեկոյեան ընդառաջած է Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի ընթրիքի հրաւէրին:

Ժեմայէլ դարձեալ ցաւակցութիւն յայտնած է Ապատիի` իրանեան դեսպանատունը թիրախ դարձուցած պայթումներուն պատճառած զոհերուն համար եւ շնորհաւորած Իրանի եւ Վեցեակին միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը` իրանեան հիւլէականի թղթածրարին շուրջ:

Ժեմայէլ մաղթած է, որ այդ համաձայնութիւնը առիթ մը ըլլայ նաեւ շարք մը այլ հարցերու լուծման:

Ըստ հաղորդագրութեան, քննարկուած են նաեւ Սուրիոյ տագնապին արձանագրած զարգացումները եւ այդ մասին Ժեմայէլ եւ Ապատի շեշտած են, որ իրենք կը զօրակցին քաղաքական եւ դիւանագիտական լուծումներուն, ինչպէս նաեւ «Ժընեւ 2» խորհրդաժողովին կայացման:

Ապատի շեշտած է, որ Թեհրան նեցուկ կը կանգնի Լիբանանի ազգային միասնականութեան եւ երկրին կայունութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES