Պքերքէի Մէջ . Ռայի Պատրիարք-Շարպել Հանդիպում

Ռայի պատրիարքը եւ Շարպել

Ռայի պատրիարքը եւ Շարպել

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթավերջին Պքերքէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Թրիփոլիի ապահովական միջադէպերը:

Հանդիպումէն ետք Շարպել յայտնեց, որ իբրեւ պետութիւն եւ ապահովական ուժեր իրենք պատրաստ են երկրին մէջ ապահովական կայունութիւնը հաստատելու եւ ամրապնդելու զայն, հակառակ գոյութիւն ունեցող խոչընդոտներուն եւ հարցերուն, որոնք մեծաւ մասամբ արտաքին են եւ լիբանանեան սահմանները կը շրջանցեն:

Շարպել կոչ ուղղեց լիբանանցի քաղաքական բոլոր անձնաւորութիւններուն` վերջ տալու լարուածութիւն պատճառող բառամթերքին, որպէսզի անոնք գետնի վրայ իրենց ժխտական ազդեցութիւնը չունենան:

«Բոլորը գիտեն, որ Լիբանան պիտի դիմագրաւէ դժուար հանգրուան մը, որ պիտի երկարի մինչեւ 2014-ի կէսերը», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած զինեալ բախումները ապահովական քողազերծումի մը ցուցանիշը կը նկատուին եւ ցաւ յայտնեց, որ լիբանանեան միջավայրը քաղաքական նեղլիկ հաշիւներուն զոհ կ՛երթայ:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց Լիբանանը իւրայատուկ եւ յատկանշական դարձնող հիւսուածքն ու ընկերութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ այդ մէկը կարելի չէ պահպանել առանց պահպանելու մարդն ու երկրին սահմանադրական հաստատութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES