Եազիժի Պատրիարքը Միքաթիի Հետ Քննարկեց Տեղական Իրադարձութիւնները

Եազիժի պատրիարքը եւ Միքաթի

Եազիժի պատրիարքը եւ Միքաթի

Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ նախագահեց Իգնատիոս Դ. Հազիմ պատրիարքի վախճանման Ա. տարելիցին առիթով մատուցուած հոգեհանգստեան արարողութեան:

Իր արտասանած քարոզին մէջ Եազիժի պատրիարքը շեշտեց, որ մահուան պատկերները վախ պիտի չառթեն քրիստոնեաներուն վրայ եւ պատճառ պիտի չդառնան, որ անոնք լքեն իրենց բնակարաններն ու հողերը:

Միւս կողմէ, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի այցելեց Եազիժի պատրիարքին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ լիբանանցիները արդէն իսկ կշտացած են խօսքերէն եւ խոստումներէն` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է այլեւս, որ այդ խոստումները վերածուին գետնի վրայ գործադրուած քայլերու:

Միքաթի մաղթեց, որ ապահովութեան ուժերուն որդեգրելիք միջոցառումները արդիւնաւէտ ըլլան, յատկապէս Թրիփոլիի մէջ գործադրուելու առումով:

Ժապալ Մըհսենի բնակիչներուն դէմ կրակ բանալու արարքներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Միքաթի շեշտեց, որ այդ արարքները խստիւ դատապարտուած են Թրիփոլիի քաղաքական բոլոր ուժերուն եւ հեղինակութիւններուն կողմէ:

Միքաթի նշեց, որ այս իմաստով իրենք պահանջած են ապահովութեան ուժերէն, բանակէն եւ դատական իշխանութիւններուն բոլոր քայլերուն դիմել, որպէսզի կատարեալ լրջութեամբ վարուին այս թղթածրարին հետ:

Միքաթի յայտնեց, որ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Ալի Իտի դէմ բերման գիր արձակուած է` Թրիփոլիի պայթումները գործելու յանցանքով` նկատել տալով, որ դատական իշխանութիւնները պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնեն:

Միքաթի աւելցուց, որ իրենք ոչ մէկ կերպով պիտի արտօնեն, որ քաղաքացիները վրէժ լուծեն:

Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ առեւանգուած եպիսկոպոսներու թղթածրարին` Միքաթի շեշտեց, որ մօտիկ ապագային անոնց մասին լաւ լուրեր պիտի լսուին:

 

Share this Article
CATEGORIES