Խորհրդարանի Նախագահը Ընդունեց Ֆուատ Սինիորան

Սինիորա եւ Պըրրի
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Սինիորա բաւարարուեցաւ ըսելով, որ մթնոլորտը դրական է, իսկ հանդիպումները պիտի շարունակուին:
Նշենք, որ Սինիորա դարձաւ Պըրրիի ճաշի հիւրը:
Պըրրի շաբաթավերջին ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ սուրիական իրադարձութիւնները:
Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ:
Միւս կողմէ, Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:
Քննարկուեցան Թրիփոլիի մէջ արձանագրուող ապահովական խախտումներուն վերաբերող հարցեր:
CATEGORIES Լիբանանեան

