Նախագահ Սլէյման Կը Շեշտէ Երկրին Ժողովրդավարութիւնը Պահպանելու Եւ Սահմանադրութիւնը Գործադրելու Կարեւորութիւնը

Նախագահ Սլէյման կը ստանձնէ վազքի մրցումին դրօշակը

Նախագահ Սլէյման կը ստանձնէ վազքի մրցումին դրօշակը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին կոչ ուղղեց, որ անկախութեան ոգին միշտ պահպանուի` աւելցնելով ներքին կամ արտաքին ուժերէ անկախ ըլլալու անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց նաեւ երկրին ժողովրդավարութեան եւ իշխանութեան հերթափոխութեան անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց նաեւ, որ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը երկրին Ազգային ուխտին շարունակութիւնը կը նկատուի եւ կը ծառայէ Լիբանանի սահմանադրութեան գործադրութեան:

Ան շեշտեց երկրին սահմանադրութեան կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը` նշելով նաեւ երկրին հարցերը երկխօսութեամբ լուծելու կարեւորութիւնը:

Նախագահ Սլէյման այս խօսքերը արտասանեց նախագահական պալատին մուտքին, Ռաշայայի բերդէն դէպի Պաապտայի նախագահական պալատ անկախութեան խորհրդանշական վազքի մրցումին մասնակիցները դիմաւորելու ընթացքին:

Սուրիոյ բախումներուն մասին խօսելով` նախագահ Սլէյման մաղթեց, որ Սուրիոյ մէջ ապահովութիւն տիրէ եւ կոչ ուղղեց, որ Լիբանանը այդ տագնապին հետեւանքներէն զերծ կացուցուի:

Share this Article
CATEGORIES