Թրիփոլիի Մէջ Զինեալ Բախումները Կը Սաստկանան` Խլելով Մեծ Թիւով Զոհեր

tripoli_clashesՏապալելով այսպէս կոչուած ապահովական ծրագիրն ու անոր գործադրութեան երկու հանգրուանները` անցնող շաբաթավերջին Թրիփոլիի մէջ սաստկացան զինեալ բախումները` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:

Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի շրջաններուն միջեւ արձանագրուած այս զինեալ բախումները նմանօրինակ 19-րդ բախումները կը նկատուին:

Բախումներուն եւ արձակազինութեան պատճառած զոհերուն թիւը հասաւ 15-ի, իսկ վիրաւորներունը` 40-ի, որոնց շարքին նաեւ բանակայիններ:

Երէկ երեկոյեան զինեալ բախումները սաստկացան Ռիվայի, Մալլուլէի, Մանքուպինի, Պարրանիէի, Մաշարիհ Հարիրիի, Շաարանիէի եւ այլ շրջաններուն մէջ:

Զինեալ բախումներուն կողքին աւելի քան հարիւր հրասանդներ արձակուեցան Ժապալ Մըհսենի դէմ, ինչպէս նաեւ հրասանդները թիրախ դարձուցին Թրիփոլիի զանազան շրջանները, որոնց շարքին` Թաքուա մզկիթին շրջափակը:

Այս մասին Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական պատասխանատու Ռիֆաաթ Ալի Իտ յայտնեց, որ լիբանանեան ապահովական ուժերու պատասխանատուներ կը մեղսակցին Թըպպանէի զինեալներուն` աւելցնելով, որ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութիւնը կառչած կը մնայ լիբանանեան բանակին եւ անոր հրամանատարին նեցուկ կանգնելու իր որոշումին:

Բանակը ձերբակալեց Թրիփոլիի զինուորական պատասխանատուներէն Հաթեմ Ժանզարլին եւ զայն յանձնեց Զինուորական ատեանին:

Բանակը գուժեց իր զինուորներէն Ապտալլա Աժժաժի նահատակութիւնը:

Բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, բանակի դասակներ Թրիփոլիի տարբեր շրջաններուն մէջ շաբաթէն կիրակի լուսցող գիշերուան ընթացքին կատարած են ներխուժումներ եւ ձերբակալութիւններ, ինչպէս նաեւ գրաւած զէնք ու զինամթերք:

Շաբաթ օր բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, շաբաթ առաւօտեան Մանքուպին շրջանին մէջ զինեալներ կրակ բացած են Ժապալ Մըհսենի բնակիչներուն վրայ եւ անոնցմէ վիրաւորներ խլած: Այս միջադէպին պատճառով Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ արձանագրուած են զինեալ բախումներ եւ արձակազինութիւն, ինչպէս նաեւ թիրախ դարձած են բանակին կեդրոնները:

Ժապալ Մըհսենի բնակիչները կրակոցներու թիրախ դարձնելը նորութիւն մը չէ եւ այդ մասին անոնք զինեալ միջադէպերէն 24 ժամ առաջ կատարած էին բողոքի նստացոյց մը, որուն ընթացքին պետութենէն պահանջած էին պաշտպանել զիրենք:

Թրիփոլիի մէջ տիրող ապահովական այս խախուտ իրավիճակին ի տես, բանակը առանձինն դիմադրեց զինեալ կողմերուն` պահանջելով զինեալ ուժերը հովանաւորող կողմերէն բանիւ եւ գործով վերջ տալ այդ հովանաւորութեան:

Շաբաթ օրուան զինեալ բախումները եւ յատկապէս արձակազինութիւնը պատճառ դարձան, որ Ապու Ալիի հրապարակին եւ Մալլուլէի մէջ աշակերտները բանտարկուին դպրոցներուն մէջ:

Բանակը մեծ դժուարութեամբ դիմած էր քայլերու` աշակերտները դպրոցներէն իրենց բնակարանները փոխադրելու համար:

Զինեալ բախումները շաբաթ երեկոյեան աւելի եւս սաստկացան Շաարանի եւ Ամերքանի մօտակայքը` պատճառելով նիւթական հսկայական վնասներ:

Միւս կողմէ, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթ օր Թրիփոլիի մէջ նախագահեց ապահովական նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել:

Միքաթի յայտնեց, որ ապահովական ընդարձակ այդ հանդիպումին ընթացքին եւ խորհրդակցելէ ետք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ, որոշուած է ապահովական բոլոր ուժերը բանակի հրամանատարութեան տրամադրութեան տակ դնել:

Միքաթի շեշտեց, որ իրենք համոզուած են լիբանանեան բանակին կարողութիւններով եւ կը մաղթեն, որ ան Թրիփոլիի մէջ կայունութիւնը վերահաստատէ` իր հակակշիռին տակ առնելով տիրող ապահովական բոլոր խախտումները:

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա յայտնեց, որ ապահովական մարմիններուն մօտ Թրիփոլիի ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու նպատակ գոյութիւն չունի:

Նշենք, որ Թրիփոլիի բոլոր դպրոցները այսօր փակ պիտի պահեն իրենց դռները:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ժապալ Մըհսենի բնակիչներուն դէմ յարձակում գործող եւ անոնց դէմ կրակ բացող յանցագործներուն ինքնութիւնը յստակ է բոլորին համար` աւելցնելով, որ անոնք այնպիսի անհատներ են, որոնք ուղղակիօրէն կը վայելեն Թրիփոլիի զինուորական պատասխանատուներուն հովանաւորութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES