«Մեզի Համար Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Միացեալ Յայտարարութիւնը Սպասելի Էր» Ըսաւ Արմէն Ռուստամեան

Rusdamian1202ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան 168.am կայքէջին տրուած հարցազրոյցին մէջ անդրադառնալով անցեալ ուրբաթ օր Վիլնիուսի մէջ հրապարակուած Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն միացեալ յայտարարութեան նշեց, որ ՀՅԴ-ի համար միացեալ այս յայտարարութիւնը սպասելի էր:

«Մինչեւ յայտարարութիւնը ընդունիլը մեր գնահատականը այն էր, որ 3 սեպտեմբերի յայտարարութենէն ետք Եւրոպական Միութեան Ընկերակցութեան համաձայնագիրի նախաստորագրման մասին խօսիլը տեղին չէ, որովհետեւ անիկա անհամատեղելի է Մաքսային Միութեան անդամակցելու եւ հետագային Եւրասիական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթին սկսելու` Հայաստանի քաղաքական որոշումներուն», նշեց Ռուստամեան` աւելցնելով, որ պէտք է արձանագրել, որ ստեղծուած վիճակին մէջ գտնուած է փոխզիջումային լուծում:

Հարցազրոյցը ամբողջութեամբ կու տանք հետագային:

Share this Article
CATEGORIES