Լարի Քինկի Արցախեան Հաւանական Այցելութենէն Խուճապի Մատնուած Ազրպէյճանցիները Դիմած Են Միացեալ Նահանգներու Դեսպանութիւն
Ամերիկացի յայտնի հաղորդավար, լրագրող Լարի Քինկի հաւանական այցելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն իսկական խուճապի առիթ դարձած է Ազրպէյճանի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը:
Համացանցային ֆորումներու եւ գրեթէ բոլոր լրատուամիջոցներուն մէջ այցելութեան մասին խօսակցութիւններէն ետք, այժմ հարցը կարծես թէ կը բարձրանայ պետական մակարդակի: Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը, լրագրողի այցելութեան մասին լուրերը ճշդելու համար` դիմած է Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւն, ուր յայտնած են, որ իրենք տեղեակ չեն Լարի Քինկի Լեռնային Ղարաբաղ այցելութենէն:
28 նոյեմբերին ազրպէյճանական գրեթէ բոլոր լրատուամիջոցներու եւ համացանցային ֆորումներու կիզակէտին ամերիկացի յայտնի հաղորդավար Լարի Քինկն էր: Ազրպէյճանցիներուն մէկ մասը բարկացած էր, իսկ ոմանց ազգային արժանապատուութեան հարուած հասցուցած է այն նորութիւնը, որ ամերիկացի յայտնի հաղորդավարը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին խոստացած է այցելել Արցախ:

