Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Մի՛ կարծէք, որ ուրիշներ մտահոգութիւն չունին եւ դուք միայն զրկուած էք փափաքներ իրականացնելէ: Գոհացէք ձեր ունեցածով, անհոգ կ՛ըլլաք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Օրը ունի ձեր սպասածէն տարբեր հարցեր, որոնց մասին չէիք մտածած, բայց ձեր խոհեմութեամբ եւ ձեռնհասութեամբ պիտի կարենաք իրագործել:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Երկխօսութեամբ պիտի կարենաք կիրարկել այն ծրագիրը, որ մշակած էիք: Ձեր շրջապատը գոհ պիտի մնայ այս աշխատանքէն, որ օրինակելի է:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր գործերը դասաւորած ըլլալով` պիտի ուզէք ընկերային կարգ մը որոշումներ եւս իրագործել: Նիւթական հարցերը կարգադրած էք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Հարցի մը մասին կարծիքդ տալէ առաջ քանի մը անգամ լուռ մտածէ, լեզուդ պահէ, ապա պատասխանէ առանց վարանելու: Զուր տեղ չեն ըսած` «Անուշ լեզուն օձը ծակէն կը հանէ»:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Խորամանկ անձերէ հեռու մնալով` կը փրկուիք անիմաստ որոշում մը տալէ: Խորամանկը քիչ մըն ալ խաբեբայ է եւ ոչ` խելացի. զգուշացէք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կը զղջաք ձեր գործած սխալի մը համար: Կրնաք ներողութիւն խնդրել այն անձէն, որուն նկատմամբ թիւրիմացութեամբ անիրաւութիւն ըրած էիք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մնացէք ձեր որոշած ծրագրին վրայ, որ թէեւ նիւթականի կը կարօտի, բայց պիտի ունենաք ձեզի օգնող անձեր, որոնց երախտապարտ պիտի ըլլաք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մի՛ մոռնաք ձեր խոստումը, զոր կատարած էք անձի մը: Ան կը սպասէ ձեր այցելութեան, հետեւաբար փունջ մը ծաղիկով կատարեցէք ձեր այսցը:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կեանքին մէջ դժուարութիւնները անպակաս են, կարեւոր է զանոնք յաղթահարել համբերութեամբ, յոյսով եւ լաւատեսութեամբ: Տրտունջը օգուտ չունի:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Գտած էք ձեր ուղղութիւնը, ներկայիս մի՛ փոխէք զայն, որովհետեւ ձեզի ընկերացողներ կան, զանոնք յուսախաբ մի՛ ընէք փոփոխամտութեամբ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Լաւագոյնին ձգտիլ եւ կատարեալը գտնել կը ցանկաք: Գիտցած եղէք, որ լաւագոյնը լաւին թշնամին է: Հիմա որ ունիք ԼԱՒԸ, զայն պահեցէք:

Share this Article
CATEGORIES