50 Տարի Առաջ (3 Դեկտեմբեր 1963)

Ձիւն Ու Անձրեւ
Լիբանանի Մէջ

Վերջին երկու օրերու ընթացքին առատօրէն ձիւնեց ու անձրեւեց Լիբանանի մէջ: 2000 մեթրէն վեր ձիւնը ծածկեց լիբանանեան լեռները, իսկ ծովեզերեայ շրջաններու մէջ անձրեւը գրեթէ դադար չունեցաւ: Ջերմութեան աստիճանը զգալի անկում մը կրեց: Մայրիներու շրջանին մէջ, ջերմաչափը զերոյէն վար իջաւ 6-ի:

Աքքարի մէջ ողողում մը տեղի ունեցաւ Թալլ-Հայաթ գիւղին մէջ, ու բնակիչները շուտով հեռացան իրենց տուներէն: Ցանքը վնասներու ենթարկուեցաւ:

Այսօրուան համար, օդաչափը կը նախատեսէ անկայուն օդ եւ առատ անձրեւ:

 

Սիրելի Ազգապետ

Այս անունով ճանչցանք քեզ եւ մեզի` հին ու նոր, ներկայ եւ նախկին լաթաքիացիներուս համար պիտի մնաս Ազգապետ:

Ազգապետութիւնը ազնուականութեան տիտղոս մը չէր, կառավարական հրովարտակով պաշտօնականացուած դիրք մը չէր, այլ բե՜ռ մըն էր, զոր շալկեցիր քսան երկար տարիներ: Մեր համեստ եւ ողջմիտ ժողովուրդը, որ գիտէ արժէքները կշռել, Լաթաքիոյ Ազգային թաղականութեան ատենապետ Յարութիւն Գույումճեանը ԱԶԳԱՊԵՏ կոչեց: Տիտղոսներուն ամէնէն վաւերականը ունեցար ողջութեանդ, տրուած ամէնէ՛ն վաւերական իշխանութեան կողմէն, ժողովուրդէ՛ն, հա՛յ ժողովուրդէն:

Եւ արժանի՛ էիր:

Նորելուկ գրողներու համար, անտեղեակ գաղութահայ կեանքի պայմաններուն` թաղականը, հոգաբարձուն մոմիա դարձած խեղճութիւններ են: Հին-հին դարուց յիշատակ: Եթէ քեզ ճանչցած ըլլալու բախտը ունենային, պիտի տեսնէին, որ մարդ կրնայ հայու հաւատքով, հայու կիրքով, հայու անձնազոհութեամբ փարիլ ազգային ծառայութեան:

Այո՛, միշտ համաձայն չէինք քեզի հետ: Քննադատեցինք, երբեմն բամբասեցինք, երբեմն քեզի դէմ պայքարեցանք: Ներողամիտ կ՛ըլլաս: Քու եւ դէմդ պայքարողներուն շարժառիթը, գիտես, գաղութին ազգային շահերն էին: Անհնար է միշտ միեւնոյն կարծիքը ունենալ: Սակայն նեղ օրերուն միշտ բոլորուեցանք շուրջդ եւ միակամ գործունէութեամբ կուրծք տուինք ամէն տեսակ դժուարութեանց:

Նեղ օրերուն միանալը բնազդ է, եւ այս աշխարհէն անվերադարձ մեկնումէդ ետք, արցունքոտ աչքերով կը տեսնենք, որ քու մեծութիւնդ տարբեր էր: Քու մեծութիւնդ քսան տարի անընդհատ, սովորական, «ընթացիկ» աշխատանքիդ մէջն էր: Աշխատանք` հայ դպրոցին համար, աշխատանք` հայ եկեղեցիին համար, աշխատանք հայ փոքրիկ եւ կորսուած գաղութի մը ամէնօրեայ հազարումէկ հոգերուն համար:

Ոչի՛նչ կը ստիպէր քեզ կրելու ամէնօրեայ այդ բեռը, բացի մաքուր հայու գիտակցութենէդ:

Պատիւը կ՛երթայ նաեւ այն ազգին, որուն արժանաւոր զաւակն էիր: Ըսէ՛ք նայիմ, ուրիշ ո՞ր ազգէն կրնար ծնիլ մարդ մը, մեծահարուստ, տէր անձնական դրամատան, որ իր ժամանակին մեծ մասը զոհէր հասարակութեան համար:

Սիրելի՛ Յարութիւն, ուրիշներ անշուշտ աւելի հանգամանօրէն պիտի գրեն կենսագրութիւնդ: Պիտի դրուատեն այն խիզախ կեցուածքը, որ ունեցար կաթողիկոսական տխուր պայքարներու ընթացքին:

Ինծի համար դուն կը մնաս իրա՛ւ հայ մը, հայ մը, որուն համար զոհողութիւնը բնական պարտականութիւն մըն էր, եւ որ հա՛յ ըլլալուն համար բանտի դառնութիւնն ալ ճաշակեց:

Ի՞նչ մխիթարական խօսք կրնամ ըսել մօրդ, տիկնոջդ, երբօրդ եւ բոլոր պարագաներուդ: Անմխիթար կը մնան անոնք ալ, մենք ալ:

ՄԵԼԳՈՆ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )