Խորովածի Երեկոյ

Ani19102013ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղին վարչութիւնը, որպէս 2013-2014 տարեշրջանի առաջին ձեռնարկ, ուզեց սովորականէն տարբեր բան մը յաջողցնել: Ուստի ծրագրեց, աշխատեցաւ եւ ի գին դժուարութիւններու կրցաւ իրականացնել խորովածի երեկոյ մը, Ժտէյտէի քաղաքապետութեան հանրային պարտէզին մէջ,19 հոկտեմբեր 2013-ին:

Ներկայ եղան շուրջ 70 անձեր` կոմիտէութենէն, «Անի» ակումբի վարչութենէն, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութենէն, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան յանձնախումբերէն, հարազատներ եւ բարեկամներ:

Վարչութեան ատենապետ Հուրի Պաճիքեան բացման խօսքով ներկայացուց վարչութեան նպատակն ու ԼՕԽ-ի լայնածաւալ գործունէութիւնը, ապա Մեսրոպ քհնյ. Քէրքէզեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը` գովաբանեց ու խրախուսեց ԼՕԽ-ականը, ուժ ու կորով մաղթեց` շարունակելու նոյն ուղին:

Այլազան երգերու մեղեդիներ, զով օդը, ծառաստանի ու ծաղկաստանի ներկայութիւնը մթնոլորտը շատ մտերմիկ ու հաճելի դարձուցած էին:

Սեւան Ադամեան իր արտայայտիչ ձայնով երգեց Սասնոյ ազատագրական երգեր:

Շուրջպար, «պինկօ»-ի խաղ, նուէրներու յանձնում, սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, բուրումնաւէտ խորովածի մատուցում… ներկաները մնացին մինչեւ կէս գիշերը անց` բարձր տրամադրութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES