Անթունիէ Ակումբին Վազքի 7-րդ Մրցումը. Սլէյման. «Լիբանանցիները Պէտք Է Միախմբուին»

antonins2Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով Անթունիէ Պաապտա ակումբը երէկ` կիրակի, 1 դեկտեմբերին, կազմակերպեց վազքի իր 7-րդ մրցումը, որ սկսաւ Ռաշայայէն եւ աւարտեցաւ Պաապտայի նախագահական պալատին մօտ:

Պաապտայի պալատին մէջ նախագահ Սլէյման ստացաւ Լիբանանի դրօշակը, որուն վրայ ստորագրած էին այն քաղաքապետերը, ուրկէ անցած էր վազքի այս մրցումը, կազմակերպիչները եւ վազքի այս մրցումին մասնակցողները:

Անթունիէի նախագահ-տնօրէն հայր Ժորժ Սատաքա, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Նաամթալլա Պաժժանի, ֆետերասիոնի անդամ Ժան Ղաուի եւ այլ քաղաքներու քաղաքապետեր եւ ներկայացուցիչներ ներկայ եղան դրօշակի յանձնումի արարողութեան եւ նախագահ Սլէյմանի տուին յատուկ յուշանուէր մը, որ կը խորհրդանշէր ազատութեան կրակը:

Իր խօսքին մէջ նախագահ Սլէյման ըսաւ. «Բոլորիդ ալ ծանօթ է, որ Լիբանան կը գրաւէ դժուարին կացութիւն մը` Սուրիոյ տագնապին պատճառով: Բոլորս ալ մէկ նպատակ ունինք այս վազքի մրցումին մէջ, որն է տօնախմբել Լիբանանի անկախութեան տօնը: Այս մարզական նախաձեռնութիւնը պէտք է առիթ մը ըլլայ բոլոր լիբանանցիներուս համար, որպէսզի միախմբուինք եւ հեռու մնանք քաղաքական ամէն տեսակի հաշիւներէ: Բոլոր երիտասարդները եւ նոր սերունդի զաւակները պէտք է միասնաբար կերտեն Լիբանանի փայլուն ապագան եւ յաղթահարեն ամէն տեսակի դժուարութիւնները, որոնք կը վտանգեն մեր երկրին ապագան: Կը շնորհաւորենք բոլոր մրցանակակիրները եւ յաջողութիւն կը մաղթենք բոլորին»:

Share this Article
CATEGORIES