Նախաճաշի Ձեռնարկ «Աղաւնի Փափազեան» Մասնաճիւղի
Հինգշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2013-ին տեղի ունեցաւ «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի նախաճաշի ձեռնարկը, «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Ազատուհի Սարգիսեանի, մասնաճիւղի եւ քոյր մասնաճիւղերու անդամներու, հիւրերու եւ բարեկամուհիներու:
Բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Արաքսի Գըլըճեան, որ լուսարձակի տակ առաւ ԼՕԽ-ին տարած բազմաբնոյթ ծառայութիւնները, նուիրումն ու պարտաւորութիւնները` մասնաւորաբար ընդգծելով ձեռնարկներու բարենպաստ ներդրումը յարաբերութիւններ մշակելու գծով: Այս առիթով ան վերանորոգեց աշխատանքը շարունակելու ԼՕԽ-ի կամքն ու կորովը կապերը պահպանելու կարեւորութիւնը` լաւագոյն ձեւով ապահովելու ԼՕԽ-ի գոյատեւումը:
Օրուան դասախօսը` Շաքէ Փարմաքսըզեան, իւրայատուկ ոճով փոխանցեց օգտակար գիտելիքներ, ան նիւթը աւելի մատչելի դարձնելու համար պատրաստած էր արեան քննութիւններու առնչուող բացատրողական թերթիկ մը, որ բաժնուեցաւ ներկաներուն:
Ան ըսաւ, թէ արեան քննութեամբ կ՛ախտորոշուին կարգ մը հիւանդութիւններ եւ բորբոքումներ, որոնց կանուխ բացայայտումը կը կանխարգիլէ զանազան տեսակի բարդութիւններ:
Ան շատ կարեւոր նկատեց պարբերաբար կատարել արեան տարրալուծարանային քննութիւններ` հիւանդութիւններ կանխարգիլելու համար:
Շինիչ դասախօսութեան յաջորդեց նախաճաշի հիւրասիրութիւն, հայրենասիրական երգերու ընկերակցութեամբ: