ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» Մասնաճիւղին Ընկերային Հանդիպումը

Asdghig24102013Տարեկան իր ձեռնարկներու ծիրին մէջ ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» (Քարանթինա-Մար Մխայէլ) մասնաճիւղի վարչութիւնը իր ընկերային հանդիպումը կազմակերպեց հինգշաբթի, 24 հոկտեմբեր 2013-ի շրջանի ՀՅԴ «Տիգրան Ծամհուր» ակումբի սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի նախկին թէ ներկայ վարչականներու, հրաւիրեալներու եւ ԼՕԽ-ի բարեկամ հայուհիներու: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ կազմակերպուած եւ կազմակերպական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Սօսի Արամեանի ներկայութեամբ կայացած այս ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս երգեցողութեամբ: Ապա ատենադպրուհի Արփի Մինասեան-Կոստանեան ողջունեց ներկաները ու անոնցմէ խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել վերջերս մահացած մասնաճիւղի վաստակաշատ վարչականներէն եւ «Նայիրի» մասնաճիւղի հիմնադիրներէն Մարի Սագճեան-Սէթեանի յիշատակը:

Կոստանեան ներկայացուց յայտագրի գլխաւոր բաժիններու խորագիրները` բարի վայելում մաղթելով ներկաներուն: Նախաճաշի հիւրասիրութենէն ետք ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր. մասնաճիւղի վաստակաշատ անդամներէն Շամիրամ Գասոյեան ասմունքեց Սիամանթոյի «Ափ մը մոխիր հայրենի տուն» բանաստեղծութենէն հատուածներ, իսկ Վեհանուշ Հացագործեան մեներգեց` «Թէ ասում են» եւ «Կարմիր վարդ» երգերը:

Արփի Կոստանեան զուարճալի ոճով ներկաներուն թելադրեց հետաքրքրական գիտելիքներ` կարդալով երջանկութեան տասը գաղտնիքները: Այս առիթով կատարուեցաւ նուիրատուութիւն, ինչպէս նաեւ` վիճակաձգութիւն եւ նուէրներու բաշխում: Ուշագրաւ էր ընկերուհիներուն մեղուաջան աշխատանքը. ատենապետուհի Վրէժուհի Փափազեանէն սկսեալ մինչեւ պարզ անդամը լծուած էին տենդագին աշխատանքի` սոյն ձեռնարկի յաջողութեան համար:

Share this Article
CATEGORIES