Ընկերային Հաւաքոյթ

Garineh29102013ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղը (Ամանոս) 29 հոկտեմբեր 2013-ին, կազմակերպած էր ընկերային հաւաքոյթ մը` «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբին մէջ, համախմբելով շրջանի ԼՕԽ-ականները եւ համակիրները (թիւով 90 հոգի):

ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք մասնաճիւղի ատենապետ Ժանեթ Հաւաթեան անդրադարձաւ հայ մօր պարտականութիւններուն, որոնք հակառակ ծանր ըլլալնուն` հայ դպրոցին, հայ եկեղեցիին, մեր միութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն օգնութեամբ կը դառնան տանելի: Ան կարեւոր նկատեց մեր երիտասարդութիւնը դաստիարակելը, որպէսզի տէր կանգնի հայկական աւանդութիւններուն եւ հայոց լեզուին:

Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սիրուն Վարդապետեան իր կարգին քաջալերեց եւ կոչ ուղղեց հայ երիտասարդուհիներուն` անդամագրուիլ ԼՕԽ-ի շարքերուն, որովհետեւ հոն պիտի գտնեն հոգեկան մեծ գոհունակութիւն, անոնց մէջ պիտի զարգանայ ծառայելու ձգտումը, օգնելու կարիքաւորին, ծերին, հիւանդին եւ աշակերտին…

Վարչական անդամ Մարալ Պաղտասարեան ներկաներուն կարդաց հայկական փոքր պատմուածքներ եւ առակներ:

Հայկական աւանդական ճաշն ու անուշեղէնը պատրաստուած էին վարչութեան կողմէ:

Կատարուեցան նուիրատուութիւններ եւ վիճակաձգութիւն:

Share this Article
CATEGORIES