ԼՕԽ-ի «Նայիրի» Մասնաճիւղի Ընկերային Հանդիպում
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղին վարչութիւնը իր ընկերային առաջին հանդիպումը կազմակերպեց երեքշաբթի, 22 հոկտեմբեր 2013-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին նորակառոյց սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Մարինա Նորամանեանի: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք ատենապետ Մարօ Թազեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը` ողջունելով բոլորը եւ ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել յիշատակը վերջերս մահացած մասնաճիւղի ընկերուհիներէն` «Նայիրի» մասնաճիւղի հիմնադիր Մարի Սագճեան-Սէթեանի, նախկին վաստակաշատ վարչականներէն Սեդա Թաշճեան-Փամպուքեանի, Մատլէն Դերձակեանի եւ Ագապի Մղտեսեանի:
Օրուան բանախօսն էր Սիլվա Գարավարդանեան: Ան անդրադարձաւ մերօրեայ կրթական մտահոգութիւններուն եւ այս գծով հայ մօր դերակատարութեան, յատկապէս` հայեցի դաստիարակութեան իմաստով: Ան յայտնեց, թէ ներկայի պայմաններուն մէջ կրթական հարցը եւ անոր առնչուած մտահոգութիւնները միայն հայկական չեն: Հայկականի պարագային ան յիշեց նիւթական դժուարութիւնը, հայ թէ օտար վարժարան ղրկելու ընտրանքը եւ հիմնականը` հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը: Գարավարդանեան շեշտեց հայ ծնողքին, յատկապէս մօր դերակատարութիւնը իր զաւկին հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու իմաստով, շեշտելով, որ տան մէջ պէտք է մթնոլորտը հայկական ըլլայ: Ան ընդգծեց, թէ կարեւոր է մեր զաւակներուն հայկական պատկանելիութեան խթանումը` քաջալերելով զանոնք հայկական միութենական կեանքին մասնակցելու: Ապա ան կարդաց հանրածանօթ բանաստեղծուհի-գրագիտուհի Շահանդուխտին կողմէ հայ մայրերուն նուիրուած բանաստեղծութենէն հատուած մը:
Նախաճաշի հիւրասիրութենէն ետք եղան նուիրատուութիւններ, վիճակաձգութիւն եւ նուէրներու բաշխում: Դաւիթ Հեքիմեան հայկական երաժշտութեամբ խանդավառեց մթնոլորտը:

