Դարերու Մեր Մշակոյթը Մեր Տան Մէջ

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

«Ինչե՜ր ասես, որ չեն արել էս ձեռքերը»
Պ. ՍԵՒԱԿ

Calendar-LOKH2014Նոր տարուան մեր առաջին «հիւրը» ժպտուն կը մտնէ ներս, զայն կը բազմեցնենք տան յարմարագոյն «աթոռին» վրայ, որ երբեմն կը նմանի պատի կամ սեղանի: Այս «հիւրերը» ներս կը մտնեն խումբով, իւրաքանչիւրը կը գտնէ իր տեղը, կը խօսին անցեալի յիշատակներէն, ուրախ եւ տխուր օրերէն, կը խօսին ներկայի անցուդար-երէն, բայց նոյն ատեն Նոր տարուան յուսաբեր օրերու ցնծութիւնը կը փառաւորեն: «Հիւրերը» ունին գեղեցիկ, գոյնզգոյն հագուածք, կը խօսին քաղցրահունչ բառերով, մէկը կը պատմէ իր կատարած միութենական գործունէութեան մասին, միւսը կը փառաբանէ իր գաղափարին գեղեցկութիւնը, երրորդ մը տեղեկութիւններ կու տայ Արեւմտեան Հայաստանէն, Կիլիկիայէն, մեր հայրենիքէն, չորրորդ մը կը պանծացնէ Եկեղեցին Հայաստանեայց, հինգերորդ մը մեղմ ձայնով կը յանձնարարէ ճանչնալ Նարեկացին, Շնորհալին եւ կը թելադրէ, կը զգուշացնէ կարճ խօսքով մը, թէ «Մեղքին վարձքը մահ է»:

***

Երկու երիտասարդ կիներ են հիւրերս, եկած են ժամադրութեամբ, ինծի կը յանձնեն ծրար մը ու կ՛ըսեն.

– Ձեզի կը նուիրենք մեր Նոր տարուան օրացոյցը: Լիբանանահայ օգնութեան խաչի քարոզչական յանձնախումբին անունով կանխօրօք կը շնորհաւորենք ձեր ԱՄԱՆՈՐԸ-ը:

Այս յառաջաբանը կը շարունակուի լաւագոյն եւ ջերմ մաղթանքներով, որոնց մէջ ամէնէն զօրաւոր ձայնաւորը` «երկար կեանք կը մաղթենք ձեզի»:

Ցոյց կու տան գեղատիպ ու ակնահաճոյ օրացոյցը, կը բացատրեն, որ տարուան 12 ամիսները դասաւորուած են: Իւրաքանչիւր ամիս կը ներկայացնէ արուեստի ստեղծագործութիւն մը: Յունուար ամիսը` հայկական ձեռագործներու նմուշներ, հայկական գաւառներու ասեղնագործեր, նախշեր, բոլորն ալ` հայ կնոջ մատներուն հրաշքով եւ աչքերուն լոյսին պայծառատեսութեամբ:

Փետրուար ամիսը յատկացուած է հայկական մանրանկարչութեան: Մարտ ամսուան ընթացքին կը ծանօթանանք հայկական հնատիպ իրերու, առարկաներու:

Ապրիլին կը տեսնենք հայկական խաչքարեր: Ներկայացուած են խաչքարերը Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետ վանքի, Նորադուզի, Գօշավանքի, Սանահինի, Արարատի:

Մայիս ամիսը ցոյց կու տայ հայկական նուագարաններ` թառ, քանոն, քաման, քամանչա, պկու-դհոլ, տուտուկ, շուի, սազ:

Յունիս ամսուան էջը ցոյց կու տայ հայկական խեցեգործութիւն:

Յուլիսին կը տեսնենք հայկական տարազներ:

Օգոստոս ամիսը ցոյց կու տայ հայկական զարդեր, ինչպէս` գլխու թասակ, կոճակ, հարսանեկան թագ, մանեակ եւ օղ, մատանի, ապարանջան, գօտի եւ ճակատազարդ:

Սեպտեմբերը յատկացուած է հայկական դրամներու: Հոկտեմբերը ցոյց կու տայ հայկական գորգեր եւ կարպետներ: Նոյեմբերին կը ծանօթանանք հայկական այլատեսակ կենցաղային ձեռագործներու: Դեկտեմբերը մեզի կը ծանօթացնէ հայկական Ամանորը: Կը տեսնենք յատուկ զարդարանքով տօնածառը:

Օրացոյցի վերջին երկու էջերուն կան բացատրութիւններ մեր ներկայացուցած էջերուն նիւթերուն վերաբերեալ:

Գաղութային մեր կեանքին մէջ ամէն տարեվերջին լոյս կը տեսնեն օրացոյցներ, իւրաքանչիւրը ազգային կառոյց մը ներկայացնող միութենէ մը, կրթական օճախէ, կուսակցական կամ եկեղեցական մարմիններէ, մարզական թէ հոգեւոր կեանքի գաղափարախօսութեան իբրեւ միջոցառում:

Յաճախ կը դժգոհինք մեր տուներէն ներս մուտք գործող տեսակաւոր եւ խորհրդանիշ մը արտայայտող օրացոյցներու ներկայութենէն, թէ ո՛ւր պիտի տեղաւորենք զանոնք: Հարկ չկայ տրտնջալու: Իւրաքանչիւր օրացոյց մեր ազգային թէ անհատական ինքնութիւնը հաստատող ներկայութիւն է, յիշեցում մը, յուշարար մը: Չենք կրնար ըսել, թէ ամէն տուն հինգ-վեց օրացոյց կ՛ունենայ: Կը ճանչնանք ընտանիքներ, որոնք մէկ օրացոյց իսկ չեն ունենար, այսպիսիներէն ոմանք անտարբերութեան, եւ ուրիշներ` գուցէ չքաւորութեան պատճառով: Այս վերջին դասակարգին մենք կը շնորհենք մեր տեսակաւոր օրացոյցներէն մէկը, գոնէ Նոր տարուան նուէր մը տուած կ՛ըլլանք անոնց:

Սիրելի՛ հայրենակցներ, մի՛ դժգոհիք, եթէ ձեր տան դուռը թակէ հայուհի մը, միութենական կամ կուսակցական երիտասարդ մը, մարզական միութեան մէկ նուիրեալը, որ փողոց իջած է, տուն տուն կը մտնէ, յաճախ գիշերուան ժամերուն: Մի՛ զլանաք յարգանքի արտայայտութեամբ զանոնք դիմաւորելը, վերջին հաշուով սփիւռք ենք, մեր ինքնութիւնը, մեր մշակոյթը, մեր լեզուն, մեր աւանդութիւնները պահպանելու միջոցներ են նաեւ մեր օրացոյցները: Առանց տրտնջալու դիմաւորենք Նոր տարուան նոր օրացոյցները` զանոնք բերողներուն ժպտուն մաղթելով շնորհաւոր Նոր տարի: 2014 տարուան մեր օրերը ըլլան խաղաղ, դադրին պատերազմները ի Սուրիա, ի Լիբանան եւ համայն աշխարհի մէջ:

Ողջոյն 2014-ին:

 

Share this Article
CATEGORIES