Միքաթի Կը Խոստանայ Յառաջիկայ 48 Ժամերուն Ընթացքին Նոր Միջոցառումներ Որդեգրել

Տաուք եւ Միքաթի

Տաուք եւ Միքաթի

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուքը, որուն հետ քննարկեց Թրիփոլիի ապահովական իրադարձութիւնները` նշելով, որ յառաջիկայ 48 ժամերուն ընթացքին Թրիփոլիի կայունութիւնը վերահաստատելու նպատակով պիտի որդեգրուին ապահովական նոր միջոցառումներ:

Հանդիպումէն ետք Տաուք շեշտեց, որ ինք կը պաշտպանէ Լիբանանի մէջ մամլոյ ազատութիւնն ու խօսքի ազատութիւնը` աւելցնելով, որ ինք կը դատապարտէ անցեալ շաբաթ պատահած արարքները:

«Կը մաղթենք, որ նման արարքներ բնաւ չկրկնուին եւ կարեւոր կը նկատենք, որ այդ արարքները գործող պատասխանատուները համապատասխան պատիժներու ենթարկուին, որքան ալ անոնց պաշտօնը բարձր ըլլայ», ըսաւ Տաուք:

Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ: Քննարկուեցան երկրին ապահովական զարգացումները:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )