Ժեմայէլ Եւ Սինիորա Կ՛Այցելեն Պքերքէ

Ժեմայէլ եւ Ռայի պատրիարքը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլը, որ յայտնեց, թէ երկրին դիմագրաւած նման դժուար կացութեան պարագային Ռայի պատրիարքին այցելութիւնը կարեւոր է:
«Լիբանանի կացութիւնը շատ վտանգաւոր է եւ կարելի չէ նման ձեւով գոյատեւել, որովհետեւ անիշխանութիւնը կրնայ մահացու ըլլալ` շրջանային առումով արձանագրուած այս զարգացումներուն իմաստով», ըսաւ ան:
Ժեմայէլ դատապարտեց Լիբանանի մէջ ազգային պատասխանատուութենէ հրաժարած ըլլալու իրականութիւնը եւ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է կազմել կառավարութիւն մը` դիմագրաւելու համար Լիբանանի սպառնացող մարտահրաւէրները:
Ան ըսաւ, որ կան որոշ հարցեր, զորս կարելի չէ կախարդական գաւազաններով լուծել, այլ` պատասխանատուութիւն ստանձնելով:
Ժեմայէլ ըսաւ, որ նոր կառավարութիւն մը կազմելու պարագային, անիկա պէտք է կազմակերպէ նախագահական ընտրութիւնները, որովհետեւ անկարելի է հասնիլ անիշխանութեան, որ լիբանանցիին ազգային շահերը եւ լիբանանեան պետական հաստատութիւններուն նկատմամբ քաղաքացիներուն վստահութիւնը խոցելի կը դարձնէ:
Ժեմայէլ յոյս յայտնեց, որ Իրանի եւ Վեցեակին միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը առիթ տայ, որ Իրանի եւ այլ երկիրներու միջեւ այլ համաձայնութիւններ գոյանան, յատկապէս Լիբանանի վերաբերեալ:
Ժեմայէլ մաղթեց, որ «Ժընեւ 2» խորհրդաժողովը յանգի գործնական արդիւնքներու:
Երեկոյեան Ռայի պատրիարքը ընդունեց նախին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ ընդգծած է լիբանանեան ազգային միասնականութեան կառչած մնալու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ իսլամ-քրիստոնեայ եւ իսլամ-իսլամ համակեցութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:
«Կարեւոր է նաեւ պահպանել լիբանանեան ժողովրդավարական վարչակարգը, որ 1943-էն ի վեր պահպանուած է ու բարգաւաճած լիբանանցիներուն կամքով եւ Թաէֆի համաձայնագիրին շուրջ անոնց գոյացուցած համախոհութեամբ, որ վերածուած է սահմանադրութեան», ըսաւ Սինիորա` աւելցնելով, որ իրենք համաձայն գտնուած են նաեւ «Պաապտայի յայտարարութեան» սկզբունքներուն նկատմամբ, յատկապէս նկատի ունենալով Լիբանանը շրջանային եւ միջազգային բախումներէ ու տագնապներէ չէզոք պահելու աշխատանքն ու ջանքերը:

