Ուքրանիոյ Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Կը Պահանջեն Կառավարութեան Հրաժարականը
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ ընդդիմադիր երեք խմբակցութիւններ կը պահանջեն վարչապետ Նիքոլայ Ազարովի ղեկավարութեամբ ուքրանական կառավարութեան հրաժարականը: Այս կեցուածքը խորհրդարանին մէջ յայտարարած են Արսէնի Եացենիուք, Վիթալի Քլիչքօ եւ Օլեկ Թիակնիպոք:
«Ատիկա մեր առաջին պահանջն է: Երկրորդ պահանջը քաղաքական ճնշումներու դադրեցումն է, այսինքն` Եուլիա Թիմոշենքոյի եւ Քիեւի մէջ ցոյցերու ընթացքին ձերբակալուած երեք գործիչներու ազատ արձակումը», ըսած է «Պաթքիվշչինա» խմբակցութեան ղեկավար Արսենի Եացենիուք:
Ան մերժած է խորհրդարանի նախագահ Վլատիմիր Ռիպաքի` երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը կլոր սեղանի շուրջ քննարկելու վերաբերեալ նախաձեռնութիւնը:
«Մենք արդէն կլոր սեղանի նստած ենք, երբ համաձայնած էին ընդունիլ համարկման մասին օրէնքը», ըսած է ան: Այդ պատճառով ալ ընդդիմութեան ղեկավարները նպատակայարմար չեն նկատեր շարունակել նիստին մասնակցութիւնը: «Մենք կ՛երթանք եւրոպական հրապարակ, որովհետեւ այնտեղ շատ աշխատանք կայ կատարելիք», ըսած է ընդդիմադիր գործիչը:
Ան յայտնած է, որ մօտիկ ապագային ընդդիմադիրները պիտի հանդիպին Ուքրանիոյ մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններուն:
Հազարաւոր ցուցարարներ երէկ Քիեւի մէջ պաշարեցին կառավարութեան շէնքը եւ փակեցին անոր առաջնորդող ճամբաները` իբրեւ բողոք կառավարութեան Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնութիւնը ստորագրել մերժելուն դէմ: Բազմաթիւ նախարարներ չկրցան հասնիլ իրենց գրասենեակները եւ ստիպուած վերադարձան իրենց բնակարանները:
Ուքրանական կառավարութեան բանբեր Վիթալի Լուքիանինքօ յայտնեց, որ «իշխանութիւնները երկրին մէջ արտակարգ դրութիւն պարտադրելու մասին չեն մտածեր»:
Ուքրանիոյ Երեք Շրջաններու Մէջ
Բաց Գործադուլ Յայտարարուած Է
Gazeta.ru` յղում կատարելով «Ուքրայինսքայա փրաւտա»-ին, կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ Թերնոփոլ, Լվով եւ Իվանօ-Ֆրանսքովսքի շրջաններուն մէջ անժամկէտ գործադուլ յայտարարուած է:
Գործադուլի մասին որոշումին արտակարգ նիստի ընթացքին աջակցած է Թերնոփոլի քաղաքային խորհուրդը. աշխատանքը դադրեցնելու խնդրանքով շրջանի բնակիչներուն դիմած է քաղաքային խորհուրդի ղեկավար Սերկէյ Նատալ:
Լվովի շրջանային խորհուրդի ղեկավար Փիոթր Քոլոտի նոյնպէս բնակչութեան կոչ ուղղած է գործադուլ կատարելու:
Իվանօ-Ֆրանքովսքի ղեկավար Վիքթոր Անուշքեւիչուս աջակցած է գործադուլին. ան եւ իր տեղակալը երէկուընէ սկսեալ մեկնած են արձակուրդի` առանց աշխատավարձը պահելու:
Այդ շրջաններու իշխանութիւնները բնակիչներուն կոչ կ՛ուղղեն իրենց գործատեղիներուն մէջ գործադուլի յանձնախումբեր ստեղծելու:
Միեւնոյն ժամանակ Քիեւի քաղաքային վարչակազմի կայքէջը կը հաղորդէ, որ իր ստորաբաժանումները, որոնք կը գտնուին ցուցարարներու կողմէ գրաւուած շէնքէն դուրս, կ՛աշխատին բնական ընթացքով:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ուքրանական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Լվովի շրջանին մէջ Ուքրանիոյ իշխող Շրջաններու կուսակցութեան անդամները կը նախատեսեն զանգուածաբար հրաժարիլ կուսակցութենէն:
«Կուսակցականները կը ծրագրեն հրապարակաւ պատռել կուսակցական անդամաքարտերն ու շրջանային խորհուրդի պատգամաւորութեան լիազօրութիւնները եւ յայտարարել Նիքոլայեւեան շրջանին մէջ կուսակցութեան գործունէութեան դադրեցման մասին», կը հաղորդէ կայանը:
Վերջերս տարածուած է հաղորդագրութիւն մը, որ Ռատայի երեսփոխաններու մեծ մասը իշխող կուսակցութենէն կը հեռանայ` ի նշան ցուցարարներու դէմ ուժի գործածութեան դէմ բողոքի:
Կիրակի առտու կուսակցութենէն հրաժարած են երեք երեսփոխաններ:
Հրաժարական տուած է նաեւ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Սերկէյ Լեւոչքին: Կիրակի առտու ի յայտ եկած է, որ հրաժարական ներկայացուցած է նաեւ Քիեւի ոստիկանապետ Վալերի Քորեաք:
Պիելոռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Ընդդիմութիւնները
Համագործակցելու Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են
Ria.ru կայքէջը կը հաղորդէ, որ Պիելոռուսիոյ Միացեալ քաղաքացիական կուսակցութեան նախագահ Անաթոլի Լեպետքօ յայտնած է, որ Պիելոռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ղեկավարները համագործակցութեան շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են:
«Արեւելեան գործընկերութեան» վիլնիւսեան վեհաժողովի ընթացքին Լեպետքօ եւ Պիելոռուսիոյ Ժողովրդական ճակատի նախագահ Ալեքսէյ Եանուքեւիչ հանդիպում ունեցած են Ուքրանիոյ Պաթքիվշչինա խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Արսէնի Եացենիուքի եւ «ՈւԴԱՌ» կուսակցութեան ղեկավար Վիթալի Քլիչքոյի հետ:
Լեպետքօ ընդգծած է ուքրանական ընդդիմութեան` պիելոռուս գործընկերներուն հետ համագործակցութեամբ հետաքրքրուած ըլլալը: «Հակառակ արձագանգը` դրական եւ հետաքրքրուած: Համաձայնած ենք մօտիկ ապագային գաղափարներ, առաջարկներ փոխանակել», ըսած է ան:

