«Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղականներու Կողքին Կռուող Արեւմտեան Երկիրներու Հազարաւոր Քաղաքացիներու Գոյութիւնը Կը Մտահոգէ Արեւմտեան Գաղտնի Սպասարկութիւնները» Կ՛ըսէ Ռաճըրզ

Ռաճըրզ եւ Ֆայնշթայն

Ռաճըրզ եւ Ֆայնշթայն

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան տեղեկահաւաքի հարցերով յանձնախումբի նախագահ Մայքըլ Ռաճըրզ յայտարարեց, որ «արեւմտեան երկիրներու, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու հազարաւոր քաղաքացիներ, կը կռուին Սուրիոյ մէջ ծայրայեղական տարրերու կողքին»:

Ռաճըրզ «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին աւելցուց, որ «ներկայիս Սուրիոյ մէջ Քայիտայի եւ անոր առնչակից զինեալներու աննախադէպ համախմբում գոյութիւն ունի, իսկ աւելի վտանգաւորը այն է, որ սրբազան պատերազմի մասնակցելու համար այդտեղ գացող հազարաւոր անձեր արեւմտեան երկիրներու անցագիրներ կը կրեն»:

Ռաճըրզ ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիները Սուրիոյ մէջ իսլամական զինեալներու կողքին կռուող արեւմուտքցիներու շարքին են` նշելով, որ «անոնցմէ որոշ համեմատութիւն մը իրենց հայրենիքը վերադարձան»:

«Այս հարցը կը մտահոգէ արեւմտեան գաղտնի սպասարկութիւնները», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «Սուրիան ողողած բռնարարքները պիտի սկսին շրջանին մէջ տարածուիլ, եւ ատոր արդիւնքները սկսած են ի յայտ գալ Լիբանանի, Իրաքի, Յորդանանի եւ Թուրքիոյ մէջ»:

Պատկերասփիւռի կայանի նոյն յայտագիրին մասնակից դեմոկրատական ծերակուտական Տայան Ֆայնշթայն իր կարգին յայտնեց, որ «վերջին տարիներուն ընթացքին ահաբեկչական վտանգը աշխարհին մէջ նկատառելի կերպով տարածուած է»` աւելցնելով, որ աշխարհի վրայ ահաբեկչութեան տարողութիւնը կ՛աճի. հարցախոյզներն ու ահաբեկչական արարքներու զոհերու թիւը այդ ցոյց կու տան:

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ շուրջ 1800 անձեր, որոնք բանակէն փախուստ տուած էին կամ խուսափած զինուորական ծառայութենէն, Հասաքէ նահանգին մէջ յանձնուած են իշխանութիւններուն:

Նախկին դասալիքները յայտնած են, որ պատրաստ են դարձեալ ընդգրկուելու բանակի շարքերուն մէջ եւ պաշտպանելու իրենց երկիրը ահաբեկիչներէն:

Նախապէս Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ընդհանուր ներման ժամկէտը երկարաձգած էր մինչեւ 2013-ի աւարտը: Անոր հրամանը կը վերաբերի «դասալիքներուն, որոնք խուսափած են զինուորական ծառայութենէն եւ խախտած են օրէնքը»:

Արդարադատութեան նախարար Նեժիպ Համատ Ահմետ բացատրած է, որ ընդհանուր ներման ժամկէտի երկարաձգման պատճառը այն է, որ իրենք կ՛ուզեն, որ «կարելի եղածին չափ շատ քաղաքացիներ» օգտուին անկէ:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան «Հրեայի ձայն» կայքէջը հաղորդեց, որ կիրակի գիշեր սուրիական հողամասերէն հրասանդի հրթիռ մը արձակուած է Կոլանի Մաժտալ Շամս գիւղին դէմ: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի երկրորդ կայանը իր կարգին յայտնեց, որ սուրիացի զինուոր մը վիրաւորուած է, երբ իսրայէլեան կողմը Կոլանի մէջ ռմբակոծում կատարած է` հակադարձելով իսրայէլեան ուժերու դէմ հրացանաձգութեան մը:

Երէկ Մաալուլայի բոլոր ճակատներուն վրայ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն եւ սուրիական բանակին միջեւ բուռն բախումներ տեղի ունեցան:

 

Share this Article
CATEGORIES