Իրան Սէուտական Արաբիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ` Միասնաբար Աշխատելու Շրջանի Կայունութեան Համար

Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ
«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Իրանի իշխանութիւնները յայտարարած են, որ մտադիր են ամրապնդելու Սէուտական Արաբիոյ հետ համագործակցութիւնը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ Արաբական ծոցի երկիրներ իր այցելութեան ծիրին մէջ յայտարարեց, որ Թեհրան Սէուտական Արաբիան կը դիտէ իբրեւ կարեւոր ու ազդեցիկ շրջանային գործընկեր:
«Մենք կ՛աշխատինք Ռիատի հետ համագործակցութիւնը ամրապնդելու ուղղութեամբ», ըսած է նախարարը:
Ան աւելցուցած է, որ Իրան Սէուտական Արաբիոյ կոչ կ՛ուղղէ` միասնաբար աշխատելու շրջանի կայունութեան համար:
Զարիֆ երէկ այցելեց Քաթարի մայրաքաղաք Տոհա, ուր հանդիպում ունեցաւ Քաթարի Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին հետ եւ անոր հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող եւ հասարակաց հետաքրքրութիւն եղող հարցեր:
Քաթարեան «Քանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ «հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք զարգացնելու եւ արդիականացնելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ հասարակաց հետաքրքրութիւն եղող հարցեր»:

