Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոն
Կիրակի, 1 դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյին` գլխաւորութեամբ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանին:
Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան ու յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին առնչուած ծրագիրներ եւ աշխատանքներ:

