Ակնարկ. Համարկումի Հոլովոյթի Առաջին Արարին Աւարտը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

EU-Eastern-Partnership-Summit-in-Vilnius3 սեպտեմբերին Եւրոպական Միութեան Ընկերակցութեան համաձայնագիրի նախաստորագրումէն հրաժարելու մասին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Մոսկուայէն կատարած յայտնի յայտարարութիւնը «տոմինոյի ազդեցութիւն» մը ունեցաւ եւ անկէ սկիզբ առած տերեւաթափը պատճառ դարձաւ, որ Վիլնիուսի մէջ «Արեւելեան գործընկերութեան» վեհաժողովը կորսնցնէ իր սպասուած փայլքը: Այդտեղ տեղի չունեցաւ տօնախմբութիւն մը, եւ Հայաստան փրկուեցաւ անոր հանդիսատեսը ըլլալու անախորժ կացութեան մէջ յայտնուելէն ու «Անառակ որդի»-ի կարգավիճակէն, որովհետեւ թեկնածուներու մեծամասնութիւնը չստորագրեցին այդ համաձայնագիրը:

Եւրոպական Միութիւնը, որ Հայաստանի կեցուածքին նկատմամբ հասկացողութիւն ցուցաբերեց, Ուքրանիոյ մերժողական կեցուածքին նկատմամբ անտարբեր չգտնուեցաւ, այլ մինչեւ վերջին պահ ջանաց տարհամոզել Ուքրանիոյ նախագահը: Յատկանշական էր Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլցի յայտարարութիւնը, որ ընդգծելէ ետք, թէ ամէն պարագայի Ուքրանիոյ համար Եւրոպական Միութեան դռները բաց են, նշեց, որ միութեան հետ Ուքրանիոյ ընկերակցութեան հարցը կրնայ լուծուիլ, եթէ այդ երկրին մէջ փոխուին նախագահն ու խորհրդարանի կազմը: Ան այդպիսով տողատակի Ուքրանիոյ եւրոպամէտ ուժերուն կոչ ուղղեց իրենց երկրին մէջ իշխանափոխութիւն կատարելու: Լեհաստանի եւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարարները իրենց կարգին զօրակցութիւն յայտնեցին ուքրանացի ժողովուրդին: Միութիւնը բուռն կերպով քննադատեց Ռուսիոյ կողմէ գործադրուած ճնշումը, իսկ Քրեմլին այդ մեղադրանքը անհիմն նկատեց: Եւրոպական Միութեան կողմէ Ուքրանիոյ ցուցաբերուած այս յատուկ ուշադրութիւնը Հայաստանի որոշումին նկատմամբ ցուցաբերուած անոր հասկացողութեան տուաւ անտարբերութեան երանգ մը:

Հայաստանի եւ Ուքրանիոյ պարագաներուն միջեւ յստակ տարբերութիւն մը գոյութիւն ունի. Պրիւքսէլի համար Ուքրանիան Հայաստանէն աւելի «համեղ ու մեծ պատառ» մըն է եւ անոր աշխարհաքաղաքական դիրքն ալ աւելի «հետաքրքրական»: Օրին, նախագահ Սարգսեանի Մոսկուայէն յայտարարած որոշումին դէմ բողոքի ալիք մը չբարձրացաւ Հայաստանի մէջ: Բողոքը ընդհանրապէս այդ որոշումի որդեգրման ձեւին` եւրոպական արժեչափերու համահունչ հրապարակային քննարկումի եւ հանրաքուէի բացակայութեան որդեգրուած ըլլալուն դէմ էր: Ահա թէ ինչու երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ուքրանական բնորդը կապկող ցոյցը ուշացած քայլ մըն էր: Վերջերս կատարուած հարցախոյզ մը ցոյց կու տար, որ Հայաստանի բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը Մաքսային Միութեան միանալու ընտրանքին համամիտ է: Պէտք է նշել, որ այդ հարցախոյզը իր կարգին ուշացած է: Հարցախոյզները որոշումի մը որդեգրումէն առաջ փողոցի բազկերակի շօշափման եւ հանրաքուէի մը նախապատրաստութեան կը ծառայեն, իսկ հանրաքուէին արդիւնքները` իշխանութիւններուն առնելիք որոշումը հիմնաւորելու: Ուստի այդ հարցախոյզը չի կրնար արդարացնել արդէն իսկ տրուած որոշում մը, որքան ալ արդարացի ըլլայ այդ:

Վիլնիուսի վեհաժողովը նաեւ առիթ մը եղաւ, որպէսզի Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Եւրոպական Միութեան ղեկավարներուն յիշեցնէ Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրին մէջ անոնց արձանագրած բացթողումը. անոնք Հայաստանը շրջափակումէ դուրս բերելու ուղղութեամբ ոչինչ կատարեցին: Հայաստանը Եւրոպային կապող գլխաւոր ճամբան կը շարունակէ փակ մնալ: Այժմ թրքական «Պիւկիւն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութիւնը կը ֆինանսաւորէ Հայաստանի հետ սահմանը ականազերծելու Թուրքիոյ ծրագիրը, ինչ որ ուշացած ըլլալուն կողքին նաեւ խոստովանութիւն մը եւ գործուած սխալը սրբագրելու միտող քայլ մը կը թուի ըլլալ: Այլ հարց, թէ Հայաստան-Թուրքիա սահմանին բացումը պիտի չկարենար առարկայական պայմաններու ազդեցութիւնն ու ռուսական ճնշումին արդիւնքը շրջել:

Յամենայն դէպս, Վիլնիուսի վեհաժողովի աւարտով վերջ կը գտնէ համարկումի հոլովոյթին առաջին արարը. այժմ պէտք է սպասենք վարագոյրին վերաբացուելուն եւ պատրաստուինք եւրասիական երկրորդ արարին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES