18 Հայկական Վարժարաններ Մասնակցեցան «Անսխալ Գրենք»-ին
Անգամ մը եւս շնորհակալութիւն կը յայտնենք հայկական բոլոր վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ ուսուցչական կազմերուն, որոնք քաջալերեցին «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-մզտիկ»-ի խմբագրական կազմին կազմակերպած «Անսխալ գրենք» մրցումը, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 1 դեկտեմբեր 2013-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: Մասնակցող վարժարաններն էին ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանը, ՀԲԸՄ Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարան, Հայ կաթողիկէ Գէորգ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Վահան Թէքէեան վարժարան, Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպենկեան վարժարան, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարան, Ազգային Աբգարեան վարժարան, Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան վարժարան եւ Համազգային Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան:

