Հաղորդագրութիւն

HMEM LEVAMՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան աթլեթիզմի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ յառաջիկայ կիրակի, 8 դեկտեմբեր 2013-ին, պիտի սկսին աթլեթիզմի փորձերը, ամէն կիրակի առաւօտեան ժամը 7:30-էն 9:30, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին վրայ:

Բոլոր այն աշակերտները, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ եւ պատրաստուիլ աթլեթիզմի (կարճ վազք, երկար վազք, գունտ նետել, բարձրութիւն ցատկել, մէկ քայլ ոստում) մարզաձեւերուն, կրնան ներկայ ըլլալ կիրակի առաւօտները: Եւ կամ կարելի է կապ հաստատել ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կեդրոն` 01-261108, երեկոյեան ժամը 4:00-էն ետք:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի ԵՒ ԱԹԼԵԹԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐ

Share this Article
CATEGORIES