Պըրրի Ռուսական Պատուիրակութեան Մը Հետ Քննարկեց Քարիւղի Թղթածրարը

Քանսօ, Հարտան եւ Պըրրի

Քանսօ, Հարտան եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ղովմի կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ասաատ Հարտանը, որուն ընկերակցեցաւ նախարարի պաշտօնակատար Ալի Քանսոն:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Հարտան շեշտեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ լիբանանցիները պէտք չէ 1975 թուականը վերադառնան:

Հարտան կոչ ուղղեց կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը եւ վերսկսելու լիբանանեան ազգային երկխօսութեան:

Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց ռուսական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Ռուսիոյ քարիւղի եւ կազի արտահանման համադաշնակցութեան նախագահ Եուրի Շվրանիք եւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի բնական կազի եւ քարիւղի թղթածրարը:

Անդրադառնալով օր մը առաջ Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ իր հանդիպումին, Պըրրի յայտնեց, որ զրուցելը գժտութենէն լաւ է: Ան նշեց, որ Սինիորայի հետ իր հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Թրիփոլիի իրադարձութիւնները:

Միւս կողմէ, նշենք, որ Պըրրի Թեհրան իր կատարած այցելութեան նախօրեակին հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին առաջարկած էր անձնական նախաձեռնութիւն մը, որուն նպատակն էր Թրիփոլիի փրկութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )