Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Սինիորան

Նախագահ Սլէյման եւ Սինիորա

Նախագահ Սլէյման եւ Սինիորա

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ներքին լիբանանեան բեմը յուզող հարցերն ու կարգ մը ղեկավարութիւններու միջեւ կատարուած խորհրդակցութիւնները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, յատկապէս Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութիւնն ու որդեգրուելիք ապահովական անհրաժեշտ միջոցառումները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ եգիպտացի վաստակաշատ լրագրող Մոհամետ Հասանէյն Հայքալ: Քննարկուեցան Եգիպտոսի եւ արաբական աշխարհի մէջ տիրող իրավիճակն ու Եգիպտոսի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES