Որոշուեցաւ Վեց Ամիս Թրիփոլիի Ապահովական Կայունութեան Վերահսկողութիւնը Յանձնել Բանակին

tripoli_1Թրիփոլիի զինեալ բախումները երէկ երրորդ օրն ըլլալով շարունակուեցան եւ ինչպէս միշտ` սաստկացան ուշ գիշերին, յատկապէս Ռիվայի, Մանքուպինի, Ժապալ Մըհսենի եւ Մալլուլէի մօտակայքը:

Ցերեկը արձակազինութեամբ եւ տարբեր տիպի գնդացիրներով սկսած բախումները երեկոյեան փոխարինուեցան հրասանդերով, ինչպէս նաեւ «Պէ. 7» եւ «Պէ. 10» տիպի նռնականետերով:

Երեք օր ետք Թրիփոլիի զինեալ բախումներուն պատճառած զոհերուն թիւը հասաւ 22-ի, իսկ վիրաւորներունը` 102-ի, որոնց մէջ նաեւ զինուորականներ:

Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի մէջ արձակազինութեան թիրախ դարձաւ նաեւ բանակը, իսկ երեկոյեան Պապ Թըպպանէի մօտակայքը գտնուող բանակին մէկ կեդրոնը թիրախ դարձաւ հրթիռարձակումի:

Երէկ կէսօրէ ետք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Պաապտայի մէջ նախագահեց ապահովական բնոյթ ունեցող հանդիպումի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ընթացիկ հարցերու կառավարութեան վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութիւնը հաւասարակշռելու անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ որոշուած է լիբանանեան բանակին յանձնել Թրիփոլիի մէջ վեց ամսուան ընթացքին ապահովական կայունութեան վերահաստատումը:

Միքաթի աւելցուց, որ որոշուած է նաեւ ապահովութեան ուժերն ու շրջուն ջոկատները զետեղել բանակին տրամադրութեան տակ:

Միւս կողմէ, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ բանակին, ապահովութեան ուժերուն եւ քաղաքական անձնաւորութիւններուն համար Թրիփոլիի մէջ ծայր տուած այս հանգրուանի բախումները կը նկատուին մեծագոյն մարտահրաւէրները, սակայն ոչ ամէնէն վտանգաւորները:

Շարպել յայտնեց, որ Մարտ 14-ի եւ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը պէտք է զգուշ ըլլան իրենց յայտարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ վերստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնները եւ յստակ կերպով յայտարարեն, թէ վերջ պիտի տան զինեալներուն շնորհած իրենց քաղաքական հովանաւորութեան եւ բանակը պիտի լիազօրեն` երկաթեայ բազուկով հարուածելու եւ կացութիւնը իր հակակշիռին տակ առնելու:

tripoli_3Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական պատասխանատու Ռիֆաաթ Ալի Իտ քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ իր կուսակցութիւնը Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած հարցերուն հետ չէ առնչուած` աւելցնելով, որ բոլոր հարցերուն պատասխանատու են «Աուլիա տամ» շարժումը եւ Թրիփոլիի տարբեր շրջաններուն զինուորական պատասխանատուները:

Իտ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, որ Մարտ 14-ի հանրապետութեան նախագահն է, Սէուտական Արաբիայէն ստացած է հրահանգներ` պայքարելու Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն դէմ:

Թրիփոլիի մէջ երէկ առաւօտեան ցրուեցաւ «Շէյխ Ապու Պաքր Համմուտ» փաղանգի ստորագրութեամբ թռուցիկ մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ այս փաղանգը կը գործէ Ապու Հասանի գլխաւորութեամբ:

«Փաղանգը բծախնդրութեամբ կը հետեւի Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած զարգացումներուն եւ նկատի ունենալով հետզհետէ սաստկացող պայքարը, որոշած է միջամտել անոր, իսկ անոր առաջին նուաճումն է` Ժապալ Մըհսենի «Հալապի» շէնքին ականումը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Աւելի ուշ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ապտել Լաթիֆ Սալեհ շեշտեց, որ Թըպպանէի շրջանէն զինեալներ ականած են Ժապալ Մըհսենի հինգ յարկանի շէնքերէն մէկը եւ պայթեցուցած զայն` պատճառելով անոր երեք յարկերուն քանդումը:

Սալեհ ընդգծեց, որ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը չեն կրցած հասնիլ այդ շէնքերուն` սաստիկ կրակոցին եւ արձակազինութեան պատճառով:

Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան պատասխանատուներէն Ահմետ Ֆըտտա շեշտեց, որ Ժապալ Մըհսենի բնակիչներուն դէմ գործուած իրերայաջորդ յարձակումներուն պատճառով է, որ անոնք դիմած են ինքնաբուխ ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան:

Իր կարգին, Ալեւիներու գերագոյն խորհուրդի անդամ շէյխ Ահմետ Տայեհ նշեց, որ Ժապալ Մըհսենի բնակիչներուն համբերութեան բաժակը յորդած է, եւ այդ պատճառով ալ անոնք դիմած են ինքնապաշտպանութեան:

Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած զինեալ բախումներուն պատճառով Կարմիր խաչը աշխատած է իրենց բնակարաններուն մէջ բանտարկուած 95 քաղաքացիներ փոխադրել ապահով վայրեր:

Հըզպալլա հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Թրիփոլիի եւ Ժապալ Մըհսենի մէջ ինք զինուորական պատասխանատուներ ունի: Հըզպալլայի հրապարակած հաղորդագրութիւնը վերոնշեալ լուրը նկատեց անճիշդ:

tripoli_2Հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար շեշտեց, որ ապահովական ուժերը ուղղակիօրէն առնչուած են Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած ապահովական խախտումներուն: Ան շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ տիրող լարուածութիւնը իր գագաթնակէտին հասած է երկու մզկիթները պայթումի թիրախ դարձնելու պատճառով:

Ան շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ Քայիտա եւ հաւատադրժողականներ գոյութիւն չունին:

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութիւնը պիտի չհանդարտի, մինչեւ որ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավարն ու քաղաքական պատասխանատուն` Ալի Իտ եւ Ռիֆաաթ Իտ, դատական իշխանութիւններուն յանձնուին:

Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխաններէն Մոհամետ Քապպարա հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանէն եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիէն պահանջեց ստանձնել իրենց դերակատարութիւնը եւ պաշտպանել Թրիփոլիի բնակչութիւնը:

Ներքին ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպերը հետեւանք են Թրիփոլին Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն զօրակից դարձնելու փորձի մը:

«Աուլիա տամ» շարժումի անդամները մեր զաւակներն են եւ անոնք զինուորական շրջագիծի մէջ չէ որ կը գործեն», ըսաւ Ռիֆի` անդրադառնալով այն խմբաւորումին, որ կը ստանձնէ Ժապալ Մըհսենի բնակչութեան դէմ գործուած բռնարարքները:

Միւս կողմէ, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իրենց ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեցին, որ Թրիփոլիի մէջ անձնական մակարդակի վրայ առաջին անգամ զինումը կատարուեցաւ Ռիֆիի կողմէ:

Լիբանանի մէջ սալաֆական շարժումի հիմնադիր, իսլամ քարոզիչ շէյխ Շահհալ շեշտեց, որ իրենք ի վիճակի են Հըզպալլայի հետ ուժերը հաւասարակշռելու` աւելցնելով, որ Թրիփոլին Ապրայի կարելի չէ վերածել:

Շէյխ Շահհալ իր կարգին յայտնեց, որ «Աուլիա տամ» շարժումը անիրաւուածներու խմբաւորում մըն է, որ զինուորական ոչ մէկ խորհուրդ ունի, ընդհակառակն` ան կը սպասէ լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն պարտադրելիք արդարութեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )