Կիրակի, 8 Դեկտեմբերին. Ֆինիքիա Ակումբին Միջազգային Վազքի 3-րդ Մրցումը
Հովանաւորութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ կազմակերպութեամբ Ֆինիքիա Ռիատի ակումբին (Սուր), կիրակի, 8 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Սուրի միջազգային վազքի 3-րդ մրցումը: Մրցումին ընդհանուր խորագիրը պիտի ըլլայ «Կեանքը վազքով վազք է»:
Նախորդ երկու տարիներուն բաւական մեծ յաջողութիւններ ձեռք ձգելէ ետք, կազմակերպիչները այս տարի պիտի կայացնեն 2 դասակարգերու մրցումներ: Առաջինը` 10 քմ, որ պիտի ըլլայ գլխաւորը, իսկ երկրորդը` 5 քմ, որ յատկացուած պիտի ըլլայ 18 տարեկանէն վար դասակարգին եւ անոր կրնան մասնակցիլ ոչ արհեստավարժ ու սիրողական վազողներ:
CATEGORIES Մարզական

