Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Սպարտակ` Յաղթական. Օզպիլիս` Տուպլէի Հեղինակ
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Սպարտակ Մոսկուա արձանագրեց իր 11-րդ յաղթանակը` 6-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելով Վոլկա Նիժնին:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արազ Օզպիլիս, որ դաշտ ներկայացած էր հիմնական կազմին հետ, տուպլէի հեղինակ հանդիսացաւ` 50-րդ եւ 77-րդ վայրկեաններուն:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք Սպարտակ մնաց 3-րդ դիրքին վրայ (36 կէտով):
CATEGORIES Մարզական

