Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Արարատ Աւելի Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

Ararad_2-0Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Արարատ Երեւան աւելի ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը, երբ Երեւանի Հրազդան մարզադաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Փիւնիկ Երեւանի: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Արարատ ութ կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ Շիրակի վրայ, որ Գիւմրիի Քաղաքային մարզադաշտին վրայ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Միքայի հետ:

Փիւնիկի դէմ տեղի ունեցած մրցումին Գէորգ Նռանեան նշանակեց Արարատի երկու կոլերը (3-րդ եւ 22-րդ):

Բանանց 7-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Ալաշկերտը, մինչ Ուլիս – Գանձասար մրցումը աւարտեցաւ     ճերմակ հաւասարութեամբ:

Ստորեւ դասաւորումը` 14-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք (8 խումբերն ալ կատարած են 14-ական մրցում).

Ararad_Category

 

 

Share this Article
CATEGORIES