Ճատրակ. Աշխարհի Խմբային Ախոյեանութիւն. Հայաստան Պարտուեցաւ Գերմանիայէն (3-1)

Arm-Germ_2122013Օրուան մը հանգիստէ ետք, երէկ Թուրքիոյ մէջ շարունակուեցան ճատրակի աշխարհի խմբային ախոյեանութեան մրցումները, երբ տեղի ունեցան 6-րդ հանգրուանի ճակատումները:

Հայաստան, որ կը մրցէր Գերմանիոյ դէմ, 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց:

Լեւոն Արոնեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան հաւասարութիւն արձանագրեցին, մինչ Սերկէյ Մովսիսեան եւ Վլատիմիր Յակոբեան պարտուեցան:

Իր կրած այս երկրորդ պարտութենէն ետք, Հայաստան նահանջեց 5-րդ դիրք:

Ստորեւ` դասաւորումը.

Arm_Germ-3-1

 

Share this Article
CATEGORIES