Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Հիմա ժամանակը չէ նոր որոշումներ տալու կամ նոր գործի անցնելու: Ձեր ունեցածէն աւելիին մի՛ ցանկաք, գոհացէք ձեր ունեցածով:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ճամբորդութեան մը կը պատրաստուիք այս օրերուն, կրնաք կատարել, քանի որ յաջողութեամբ պիտի աւարտի:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Դժուարութիւն պիտի ունենաք կազմակերպուելու: Ձեր գործերը դասաւորեցէք առանց աճապարելու, հանդարտ վիճակով: Կրնաք դիմել օգնութեանը բարեկամի մը կամ հարազատի մը:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ուրիշները շատ քննադատելու կամ դատելու կեցուածքէն հեռու մնացէք: Կրնաք տեսնել անոնց թերութիւնը, բայց մի՛ արտայայտուիք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կարգ ու կանոն դրէք ձեր գործերուն, մանաւանդ ձեր պաշտօնական թուղթերու մէջ: Կորսուած նկատուած ձեր կարեւոր թուղթերը այսօր պիտի գտնէք ձեր գզրոցին մէջ, թուղթերու տրցակին խառնուած:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Տարիքով ձեզմէ փոքր անձերու համար մշակութային աշխատանք մը պատրաստեցէք, կամ պտոյտի տարէք զանոնք` զարգանալու համար: Օրը լաւ է:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր ընտանիքին հետ ձեր ունեցած խզումը ոչ մէկ արդիւնք պիտի տայ: Աւելի լաւ կ՛ընէք, եթէ լեզու մը գտնէք ձեր հարազատներուն հետ, առանց երես դարձնելու: Համակերպեցէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հիանալի է օրը` պտոյտ մը կատարելու համար ձեր զաւակներուն կամ թոռնիկներուն հետ, կամ` բարեկամներով հաճելի ծրագիր մը ըրէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ըրէք այն աշխատանքը, որ վերապահուած է ձեզի: Առանց դժկամելու աշխատեցէք եւ կատարեցէք առօրեայ ձեր գործը անտրտունջ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Զրոյց մը պիտի ունենաք անձի մը հետ, որ շատ պիտի հետաքրքրուի ձեր խօսակցութեամբ: Ջանացէք գոհացնել անոր հետաքրքրութիւնը եւ փափաքը:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Բարեկամներու հետ ճաշի սեղանի մը շուրջ պիտի բոլորուիք: Պիտի ունենաք նոր ծրագիրներ մշակելու խորհրդակցութիւններ: Ուրախութեամբ պիտի աւարտէք օրը:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Անակնկալ հիւրերու դիմաց քիչ մը պիտի շփոթիք, բայց կրնաք օգնութեան կանչել ձեզի մօտիկ անձեր` օգտակար ըլլալու համար հիւրասիրութեան եւ այլ կարգի պարտաւորութիւնները լուծելու:

Share this Article
CATEGORIES