Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանը Կը Նշէ Լիբանանի Անկախութեան 70-րդ Ամեակը

harboian_NOV2013Լիբանանի անկախութեան 70 ամեակին առիթով Ս. Խաչ¬Հարպոյեան  վարժարանի աշակերտութիւնը 21 նոյեմբերին պատրաստած էր կոկիկ յայտագիր մը. նախորդող օրերուն լիբանանեան դրօշակները զարդարած էին դպրոցին շրջափակը եւ այդ օր զբօսանքներուն ընթացքին կը հնչէին լիբանանեան հայրենասիրական երգեր: Յայտագիրը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ, որմէ ետք արաբերնի ուսուցիչ Արզէ Ալամ բացման խօսքին մէջ ըսաւ, թէ` «Լիբանանի յառաջդիմութեան գաղտնիքը կը կայանայ իր զաւակներուն մէջ հայրենասիրական ոգին ներմուծելով, եւ այդ ոգին ունենալով է, որ մեր նախահայրերը կրցան ձեռք ձգել անկախութիւնը»:

Ծաղիկ դասարանի աշակերտները երգեցին «Թըսլամ եա ասքար Լըպնան» երգը, որմէ ետք վարժարանին պարախումբը հանդէս եկաւ արաբական պարով մը: Առաջին դասարանը կատարեց խմբային ասմունք մը` «Արզ ալ-աալի» խորագիրով, իսկ 7-րդ դասարանը` «Մաութինի», որուն յաջորդեց 9-րդ դասարանի թատերական ներկայացումը, որուն թեման էր երիտասարդ տղու մը պատմութիւնը, որ իր ընտանիքը ձգելով` կը միանայ երկրին բանակին, կը պատերազմի ու յաղթական կը վերադառնայ:

Օրուան պատգամը փոխանցեց «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանի արաբերէն յայտագրի հաղորդավարուհի, լրագրող Հալա Հատտատ, որ իր խօսքին մէջ նշեց, որ` «եթէ Լիբանանը այս երիտասարդներուն յանձնուի, ապա անոր ապագան փայլուն կ’ըլլայ, որովհետեւ այս սերունդն է, որ պիտի մաքրէ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին ամօթը, եւ այս սերունդն է, որով հայրենիքը պիտի հպարտանայ եւ ինք իր կարգին պիտի հպարտանայ իր հայրենիքով»: Հատտատ նշեց, թէ հայրենիքի մը գոյութեան գլխաւոր պատճառը անոր հանդէպ պատկանելիութեան զգացումն է, որ կը սկսի ընտանիքի եւ տան նկատմամբ պատկանելիութենէն: Աշակերտներուն ուղղելով իր խօսքը` ան ըսաւ. «Դուք մաս կը կազմէք Լիբանանի ապագային, որովհետեւ դուք այն ժողովուրդին զաւակներն էք, որ կը հաւատայ իր անժամանցելի Դատին եւ կը պայքարի անոր յաղթանակին համար»:

6-րդ եւ 5-րդ դասարանի աշակերտները «Լըպնեն» վերնագրով արտասանութիւն մը ներկայացուցին, ապա 3-րդ դասարանը անգլերէնով` «Լեպընոն տը լենտ աֆ լիպըրթի»: Երգերով եւ լիբանանեան աւանդական զաժալ-ով յայտագիրը հասաւ իր աւարտին:

Հուսկ, բեմ բարձրացաւ տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան հիւրին, յայտագիրը պատրաստող ուսուցչուհիներուն եւ զայն ներկայացնող աշակերտներուն: Ապա ան իր խօսքը աւարտեց` ըսելով, թէ` «միայն միասնականութեան ճամբով կարելի է հասնիլ իսկական անկախութեան, որուն համը շատ քաղցր է եւ արժանի է զայն ձեռք ձգելու համար կատարուած ամէն տեսակի զոհողութիւններու»:

 

Share this Article
CATEGORIES