Նախկին Սոֆիայակոբեանականներու Առաջին Հանդիպումը Կը Վերակենդանացնէ 50-ամեայ Անցեալի Քաղցր Յիշատակներ

sofia-SherchanavardԱզգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի 50-ամեակի տօնակատարութիւններու պատրաստութեան ծիրին մէջ չորեքշաբթի, 27 նոյեմբերի երեկոյեան տեղի ունեցաւ նախկին սոֆիայակոբեանականներու առաջին հանդիպումը, յատկացուած` 1968-1985 տարիներու շրջանաւարտներու:

Հանդիպումին ներկայ եղան մեծ թիւով նախկին սոֆիայակոբեանականներ, որոնք յիշատակելի երկու ժամ անցուցին իրենց երբեմնի քոլեճին յարկին տակ, անցեալի քաղցր յիշատակներով, նախկին դասընկեր-դասընկերուհիներով: Ներկայ էին 1968-ի առաջին սերունդէն, 1970-ական տարիներու սկզբնական սերունդներէն մեծաթիւ ներկայացուցիչներ, որոնք տարիներ ետք զիրար վերագտան եւ իրարմով ուրախանալու առիթը ունեցան:

Հանդիպումին ամբողջ տեւողութեան մեծ պաստառի վրայ ցուցադրուեցան աշակերտական անցեալի նկարներ: Այս առիթով խօսք առնելով` տնօրէն Վիգէն Աւագեան ներկայացուց հանդիպումին նպատակը, 50-ամեակի տօնակատարութիւններու շարքը եւ զանոնք իրականացնող մարմինները: Տնօրէնը իր խօսքին մէջ թուեց Սոֆիա Յակոբեանէն շրջանաւարտ հոյլ մը կրթական մշակներու, խմբագիրներու, մշակութային գործիչներու, բժիշկներու եւ ազգային-հասարակական կեանքի նուիրեալ դէմքերու անուններ: Ան շեշտեց, որ հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներուն տեւական մարդուժ հասցուցած քոլեճը այսօր ալ կը գտնուի իր առաքելութեան մէջ, երբ գաղութի ազգային մեր կառոյցներուն եւ մարմիններուն կը շարունակէ հայթայթել երիտասարդ ու խոստմնալից ուժեր:

Տնօրէն Վիգէն Աւագեանի խօսքէն ետք սրտի խօսքեր արտասանեցին նախկին շրջանաւարտներ, որոնք մեծապէս գնահատեցին 50-ամեակը ըստ արժանւոյն տօնելու տնօրէնութեան նախաձեռնութիւնը: Անոնք նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին թեւ ու թիկունք կանգնելու 50-ամեակի ծրագիրներու իրականացման:

Հանդիպումին անակնկալը եղաւ 50-ամեակի տեսերիզէն հատուածներու ներկայացումը: Տեսերիզը ընդգրկեց քոլեճին վաստակաշատ կրթական մշակներու ողջոյնի խօսքերը իրենց սիրելի քոլեճին եւ աշակերտներուն:

Յայտնենք, որ նախկին սոֆիայակոբեանականներու հանդիպումներուն շարքը կը շարունակուի այսօր` չորեքշաբթի 4 եւ յառաջիկայ չորեքշաբթի`11 դեկտեմբերին: Առաջին հանդիպումը կը համախմբէ 1986-2000 տարիներու շրջանաւարտները, իսկ երկրորդ հանդիպումը` 2001-2013 տարիներու սերունդները:

Share this Article
CATEGORIES