Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի Աշակերտներ Վայելեցին Մուշեղ Իշխանի Մտերմութիւնը

Հ. Պ.

aved_NOV2013Յաճախ կը շեշտենք, թէ հոգեմտաւոր դաստիարակութեան առընթեր նոյնքան ալ հարկ է արժեւորել ֆիզիքական աշխատանքը` որպէս մարդկային կեանքի զարգացման ներդաշնակ եւ հաւասարակշռուած արտայայտութիւն:

Արդ, հայ վարժարանի նուիրական առաքելութեան բաղադրիչ մաս են առհասարակ արտադպրոցական նախաձեռնութիւններ, որոնց կայացումով եթէ երբեք մէկ կողմէ հայ աշակերտին մօտ կ՛ամրապնդուին ինքնավստահութեան եւ չարքաշութեան, վերուելակերպի ու ընկերականութեան արժանիքներ, միւս կողմէ անոնք պատեհ առիթներ կ՛ընձեռեն ծանօթութիւններու եւ եզակի մտերմութիւններու մշակման:

Փաստօրէն, աշակերտական համեստ առաջարկ մը` կազմակերպելու հեծանիւով շրջապտոյտ մը` Պէյրութի Կեդրոնական շուկաներու շրջակայքը,  օգտուելով աշնանային բառեխառն օդի կարելիութենէն, որ նաեւ առիթ մը պիտի ըլլար նաեւ դաստիարակչական ծրագիրի մը իրագործման:

Արդարեւ, կիրակի, 17 նոյեմբեր 2013-ին, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի 10-րդ դասարանի աշակերտները իրենց հեծանիւով հասան Նշան Փալանճեան ճեմարան, ուր դիմաւորուեցան հայ գրականութեան վաստակաւոր ուսուցչուհի, հմուտ մանկավարժ, մշակութանուէր հայորդի Շաղիկ Փափազեան-Մկրտիչեանի կողմէ, որ յատկապէս եկած էր, իր սրտի խօսքը փոխանցելու հայ գրականութեան նուիրեալ եւ ազնուագոյն զաւակներէն` Մուշեղ Իշխանի ծննդեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած  այս գողտրիկ հանդի- պումին:

Շաղիկ Փափազեան-Մկրտիչեան ըլլալով ճեմարանաւարտ եւ Մուշեղ Իշխանի աշակերտ, առաջին հերթին խորապէս գնահատեց այս մտայղացումն ու եզակի նախաձեռնութիւնը, քաջալերելի համարեց զայն եւ շեշտեց նման վարակիչ աշխատանքներու կարեւորութիւնը:

Օրուան ուսուցիչ-դասախօսը աշակերտներու ընկերակցութեամբ  նախ շրջագայեցաւ երբեմնի ճեմարանաբոյր այն վայրերը, ուր Մուշեղ Իշխան գտնուած էր, քալած ու զրուցած, խոկացած եւ անէացած իր մտորումներով, ինչպէս նաեւ շատ անգամ հանգչած այն ծառին տակ, որ տեսակ մը դարձած էր բոլորի բալասան-ը, մտերմութիւններու եւ աղուոր ապրումներու ժամադրավայրը:

Աշակերտները իրեն կարգին, մտիկ ընելէ ետք իրենց տրուած բացատրութիւնները եւ ակնապիշ դիտելէ ետք հայաբոյր այս կառոյցի բաժինները, հայ ժողովուրդի ցաւերով եւ տառապանքներով ապրած, հայ գիր ու գրականութեան ծառայութեամբ յագեցած հայորդիներու` Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Բարսեղ Կանաչեանի եւ Սիմոն Վրացեանի կիսանդրիները, հաւաքուեցան պատմակերտ ու ոգեշնչող ծառին տակ եւ ունկնդիր եղան Մուշեղ Իշխանի լուսաշող մտերմութեան:

Շաղիկ Փափազեան-Մկրտիչեան դաստիարակի իրեն յատուկ ոճով եւ մատուցողի երանգով ներկայացուց Մուշեղ Իշխան մարդը, ուսուցիչն ու մտաւորականը: Ան յաջողեցաւ սեղմ ժամանակի մը մէջ կենդանացնել իր ուսուցիչին գրական ու մտաւորական արժանիքները, մարդկային բիւրեղ հոգին, բանաստեղծի խորազգաց ներաշխարհը, թատերագիրի շնորհն ու ազնուասիրտ հայ մարդու կազմաւորումը, որոնցմով յատկանշուեցաւ եւ սիրուեցաւ Մուշեղ Ճենտերեճեան հայ գրագէտը:

Իր խօսքի աւարտին, բանախօսը գեղեցիկ եւ յուզիչ պատկերով մը փակեց իր պատգամը` մէջբերելով նոյնինքն բանաստեղծի այն տողերը, ուր ան ցաւ կը յայտնէ, թէ իր գիրքերը, այսինքն` մտածումները, յոյզերը, ապրումները, ցաւերը պիտի մնան անհաղորդ եւ տրուին մոռացութեան գիրկը:

Ընդհակառակը, Շաղիկ Փափազեան-Մկրտիչեան ընդգծեց, որ Մուշեղ Իշխան այս տողերով սխալ է դուրս եկեր, որովհետեւ այսօր, այս մթնոլորտին ընդմէջէն հայ աշակետները եկած էք շնչելու եւ ապրելու անոր արժանավայել մտերմութիւնը:

Հուսկ, աշակերտները իրենց վարժարանի տնօրէնութեան անունով ծաղկեփունջ մը յանձնեցին դաստիարակին` իբրեւ շնորհակալութեան եւ երախտիքի արտայայտութիւն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES