«Բաց Դռներ» Նազարեան Վարժարանին Մէջ
ՀԲԸՄ-ի Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարանի մանկապարտէզի բաժինը երկրորդ տարին ըլլալով կը կիրարկէ «Բաց դռներ» օգտակար եւ տեղեկատուական ծրագիրը, որպէսզի աշակերտներուն ծնողները մօտէն ծանօթացնէ կիրարկուող ուսուցման արդիական միջոցներուն: Դպրոցին ղեկավարութիւնը ընտրած է ուսուցման այնպիսի ծրագիր մը, որ երեխաներուն համար հաճելի եւ տպաւորիչ ըլլան դասաւանդուող նիւթերը, միեւնոյն ժամանակ մանուկներուն մէջ արմատանան ինքնավստահութիւնը, ինքնուրոյնութիւնը եւ կարողութիւններ դրսեւորելու ունակութիւնը:
Դպրոց ժամանած ծնողները երկու դասապահերու ներկայ եղան: Իրենց փոքրիկները դիտելով` անոնք բոլորը, անխտիր, յուզումով յիշեցին իրենց մանկութիւնը եւ գործօն մասնակցութիւն բերին դասերուն` ոգեւորելով մանուկները: Ծնողները հսկայական տարբերութիւն նկատեցին անցեալ եւ ներկայի մանկավարժութեան համակարգին, ինչպէս նաեւ ուսուցիչ-աշակերտ փոխյարաբերութեան մէջ:
Դասապահերէն ետք ծնողք եւ աշակերտ ընդմիջում մը ունեցան: Անոնք ծանօթացան իրարու ու մտերմիկ զրոյցի եւ տպաւորութիւններու քննարկման առիթ ստեղծուեցաւ:
Օրուան ծրագիրը կ՛ընդգրկէր նաեւ կոկիկ յայտագիր մը, որ նուիրուած էր Լիբանանի անկախութեան տօնին: Աշակերտները ներկայացուցին իրենց սորված երգերն ու արտասանութիւնները` տպաւորելով եւ ուրախացնելով ներկաները: Փոքրիկ համերգով, որ պատրաստուած էր յատուկ այդ օրուան համար, աշակերտները գովերգեցին Լիբանան հայրենիքը` առանց մոռնալու իրենց արմատներն ու ինքնութիւնը:
Ծնողները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին տարուած աշխատանքին համար, իսկ փոքրիկները շոյուած ուսուցչուհիներու եւ ծնողներու բարձր գնահատանքէն, կրկին անցան իրենց դասարանները` շարունակելով օրուան ծրագիրը: Մասնաւոր տեղ տրուած էր լեզուական նիւթերուն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը մատուցուէր իրեն յատուկ ոճով:
Ծրագրի աւարտին ծնողներուն առիթ տրուեցաւ հանդիպիլ բոլոր ուսուցչուհիներուն հետ եւ տեղեկութիւններ ու թելադրանքներ ստանալ իրենց զաւակներուն մասին:

