Լիբանանի Անկախութեան 70-ամեակ Եւ Բաց Դռներու Օր
Լիբանանի Հանրապետութիւնը իր փաստացի քաղաքական անկախութիւնը ձեռք բերաւ 1943 թուականի նոյեմբեր 22-ին, օր, որ արդէն եօթտասնամեակէ մը ի վեր ծնունդ տուած է ազգային ամէնէն հպարտառիթ տօնին` Անկախութեան տօնին:
Ամէն տարի այս թուականին, լիբանանահայերը սիրով կը նշեն այս թանկագին տօնը:
Այս տարի ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանը իր ամբողջ կազմով այցելեց Ռումիէի զօրանոցը, որպէսզի աշակերտութիւնը մօտէն ծանօթանայ իր ծննդավայրի զինուորական ուժին, գաղափար կազմէ երկրի պաշտպանութեան եւ խաղաղութեան պահպանման սատարող երիտասարդ զինուորներու զինավարժութեանց ու առօրեայ մարզումներուն:
Բանակայինները սիրով ընդունեցին կարմիրեանցիները եւ քայլ առ քայլ ծանօթացուցին զօրանոցին, զինուորներու առօրեային, կատարեցին մարզական տարաբնոյթ վարժութիւններ, մինչ դպրոցականները, յատկապէս տղաքը, մինչեւ վերջ մնացին աշխուժ հանդիսատեսի դերին մէջ:
Դպրոցականները ընդունող բանակային սպան նաեւ հիւրասիրութիւն կազմակերպեց կարմիրեանցիներուն համար: Արեւոտ ու պայծառ եղանակը նպաստեց, որ աշակերտները վայելեն զօրանոցին կանաչ մարզադաշտը: Լիբանանի անկախութեան տօնին առթիւ կարմիրեանցիները ծանօթացան բանակային կեանքի դժուարութիւններուն եւ հասկցան, որ զինուորական ըլլալը լուրջ ու հետեւողական աշխատանք կը պահանջէ:
***
Նոյեմբեր 20-ին ՀԲԸՄ Կարմիրեան վարժարանի մանկապարտէզը «Բաց դռներու օր» յայտարարած էր: Տարիներէ ի վեր աւանդութիւն դարձած այս նախաձեռնութեան նպատակն է երիտասարդ ծնողները մօտէն ծանօթացնել իրենց երեխաներուն ուսումնական ծրագիրին եւ ընդհանրապէս ներդպրոցական աշխատանքներուն:
Սոնիա Տէյիրմենճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Քիչ անց վարագոյրը յուշիկ բացուեցաւ եւ երեխաներուն փունջը իր պայծառ հայեացքով խինդ ու ժպիտ սփռեց չորս դին:
Հրաշալի ելոյթ ունեցաւ աշակերտական երգչախումբը: Դաշնամուրի մօտ երգի ուսուցչուհի Նորա Եղիայեանն էր, որ մեծ աշխատանք տարած էր, եւ ընդամէնը երկու կարճ ամիսներու ընթացքին փոքրիկները տասնեակ մը երգեր իւրացուցած էին: Երգերը հնչեցին հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն լեզուներով:
Երգերու հրաշալի մատուցումէն ետք երեխաները հանդէս եկան նաեւ պարով, որ նուիրուած էր Լիբանանի անկախութեան տօնին:
Բաց դռներու ծրագրին համերգային բաժինը եզրափակուած էր: Միւս բաժնով իւրաքանչիւր ուսուցիչ ծնողներուն ներկայացուց իր նիւթին դասաւանդման կերպն ու առնչակից մանրամասնութիւնները:
Բաց դռներու միւս հանգրուանով ներկաները մասնակից եղան դասաւանդման պահի մը, որ առաւել ամբողջական դարձուց ուսուցման կերպի մասին անոնց պատկերացումները:
Արդէն կէսօր էր, երբ բաց դռներու օրը հասաւ իր աւարտին եւ ծնողներէն անոնք, որոնք յատուկ հարցումներ ունէին, կրցան առանձին տեսակցիլ ուսուցիչներուն հետ եւ պարզել իրենց հետաքրքրող խնդիրները: